2012-11-19 12:47:56

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը:


Երկուշաբթի 19 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան` Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանաապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Պենինի հանրապետութեան Նախագահ Տիար Թոմաս Պոնի Եայիի ու անոր ընկերացող շքախումբին։
Ունկնդրութեան աւարտին Պենինի Նախագահն ու իրեն ընկերացող շքխումբը հանդիպում ունեցան նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի եւ Վատիկանի արտգործ փոխ նախարար գերապայծառ Պալէսթրէրօյի հետ։
Բանակցութիւններուն ընթացքին շեշտը դրուեցաւ երկու պետութիւններու միջեւ տիրող լաւ յարաբերութիւնները վրայ վերակոչելով Սրբազան Քահանայապետի Պենին կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը եւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դրական ներդրումը երկրի զարգացման ի խնդիր յատկապէս դաստիարկչական մարզէն ներս։

Ապա ժամը 11.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ընդունեց ֆրանսայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն խումբ մը եպիսկոպոսներ որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց Գերապայծառ Կուիտօ Բոցցոյին` Սրբազան Քահանայապետի Օրհնագիրերու պատասխանատուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.