2012-11-19 13:04:02

Կազայի Դէմ Իսրայէլեան Յարձակումը 5-րդ Օրն Ըլլալով Նոյն Թափով Շարունակուեցաւ։ Զոհերու Ընդհանուր թիւը աւելի քան 80։ Վճռորոշ 48 Ժամեր Զինադադարի Եւ Իսրայէլեան Ցամաքային Գործողութեան Մը Միջեւ:


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Կազայէն Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումը այն ազդակն է, որ Կազայի մէջ տագնապի յառաջացումը «արագացուց»: Ան վերահաստատեց, որ «Միացեալ Նահանգներ լիովին կը զօրակցին Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին»:
Ան նշեց, որ յառաջիկայ 36 կամ 48 ժամերը պիտի ճշդեն, թէ Կազայի տագնապին վերջ տալու իմաստով յառաջդիմութիւն պիտի արձանագրուի՞, թէ՞ ոչ: Օպամա ըսաւ, որ իրենք առանց յաւելեալ մագլցումի Համասի հրթիռարձակումները դադրեցնելու նպատակով կապի մէջ են տարածաշրջանի ղեկավարներուն հետ: Ան ընդգծեց, որ «հրթիռարձակումներու շարունակուիլը խաղաղութեան հոլովոյթը կը վտանգէ»:
Իսրայէլեան մամուլը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերջերս օտար երկիրներու ղեկավարներու հետ ունեցած իր հեռաձայնային հաղորդակցութեանց ընթացքին վստահեցուցած է, որ ինք պատրաստ է Կազայի մէջ կարելի եղածին չափ շուտ զինադադարի հաստատումը ընդունելու, եթէ Իսրայէլի դէմ պաղեստինեան հրթիռարձակումները դադրին:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ իր հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ պաղեստինցիներուն կողմէ հրթիռարձակումը կասեցնելը զինադադարի հաստատման հիմնական նախապայման է:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 2-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդը կը քննարկէ ցամաքային ուժերուն Կազա մուտք գործելու կարելիութիւնը:
Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Կազայի մէջ պաղեստինցի զինեալները ունին 10 հազար միջին հասողութեամբ եւ հեռահաս հրթիռներ:
Արաբ արտաքին գործոց նախարարները շաբաթ օր Գահիրէի մէջ գումարեցին Կազայի մէջ զարգացումներու քննարկման յատկացուած ժողով մը, որուն ընթացքին յառաջացուցին պատուիրակութիւն մը, որ վաղը Կազա պիտի ուղղուի: Նախապէս հաղորդուած էր, որ պատուիրակութիւնը երէկ կամ այսօր պիտի մեկնի Կազա: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Արաբական Լիկայի նիստի նախագահ, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, Պաղեստինի արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալիքի եւ Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապի:
Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի շաբաթ օր Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը պաղեստինցիներուն ու իսրայէլեան կառավարութեան հետ կապի մէջ է, եւ գոյութիւն ունին «ցուցանիշեր», թէ մօտ օրէն կարելի է երկու կողմերուն միջեւ զինադադար մը գոյացնել. սակայն զգուշացուց, որ այս առումով «երաշխիքներ գոյութիւն չունին»:
Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Մուրսիի հետ` քննարկելու համար զինադադարի հաստատման ջանքերը: Հանիյէի գրասենեակը հաղորդեց, որ հաղորդակցութիւնը տեւած է քսան վայրկեան, որուն ընթացքին պաղեստինցի ղեկավարը իր բարձր գնահատականը արտայայտած է Մուրսիի եւ Եգիպտոսի որդեգրած կեցուածքներուն, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի վարչապետին Կազա այցելութեան:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն այսօր Գահիրէ պիտի այցելէ:
Թրքական Կեցուածքը
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Իսրայէլի վերաբերումին նկատմամբ վճռական որոշում մը չորդեգրելու առումով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն իր յուսահատութիւնը յայտնեց: «Ապահովութեան խորհուրդէն յուսահատեցայ, որովհետեւ չի ջանար պաղեստինեան դատին համապարփակ եւ արդար լուծումի հասնիլ»: Ան նաեւ քննադատեց Արաբական լիկայի եւ Իսլամական երկիրներու համագործակցութեան կազմակերպութեան կողմէ Կազայի դէպքերուն նկատմամբ դրսեւորուած կեցուածքները` լիկային հարց տալով. «Ե՞րբ ձեր ձայնը պիտի լսենք: Ձեր գումարած ժողովը ի՞նչ իմաստ ունի»:
Էրտողան Համասի եւ Ֆաթհի կոչ ուղղեց` իրենց տարակարծութիւնները լուծելու` նշելով, որ այդ տարակարծութիւնը անկախ պետութեան մը երազին հասնելու արգելքներէն մէկն է: Ան պահանջեց Կազայի շրջափակումը հանգրուանային կերպով ջնջել:
Էրտողան ըսաւ, որ Կազայի դէմ յարձակումը «ընտրական նպատակներ» կը հետապնդէ: «Իսրայէլ պէտք է գիտակցի, թէ 2008-ը այսօրուընէ տարբեր է», նշեց ան: «Անոնք իսրայէլացի 3 զոհերու մասին կը խօսին, մինչ պաղեստինցիները տասնեակներով կ՛իյնան, եւ Համասէն կը պահանջեն ռմբակոծումը դադրեցնել», ըսաւ ան` հարց տալով. «Ձեր կեանքերը յարգի՞ են, իսկ Կազայի բնակիչներու կեանքերը ո՞չ»:

«Անարդար է, որ միայն 5 երկիրներ (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամները) կը կառավարեն ամբողջ միջազգային յարաբերութիւնները», յայտարարեց ան` պնդելով, որ անհրաժեշտ է «վերանայիլ եւ փոխել թէ՛ ՄԱԿ-ի կառոյցը, թէ՛ Ապահովութեան խորհուրդը»: ըսած է Թուրքիոյ վարչապետը:
Նշենք, որ Էրտողան շաբաթ օր յայտարարած էր, որ Կազայի մէջ «անմեղ մանուկներու դէմ կատարուած ջարդին համար պէտք է հաշուետուութեան ենթարկել Իսրայէլը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.