2012-11-19 13:03:39

Գաւառի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ Օծումը։


17 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Գաւառի վերանորոգ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։
Եկեղեցին կառուցուած է 1848-ին, Բայազետէն ներաղթած հայերու կողմէ, գլխաւորութեամբ՝ Նոր Բայազետի հիմնադիրներ Բարսեղ եւ Մկրտիչ Արծրունի եղբայրներու։ Օծման արարողութեան ներկայ էին ՀՀ Սփիւռքի նախարարը՝ Հրանոյշ Յակոբեան, մարզային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հազարաւոր գաւառցիներ։
Նշենք թէ՝ եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքներուն մասնակցեցան ոչ միայն գաւառցիները, այլ նաեւ այլ բնակավայրերէն մեծաթիւ հայորդիներ







All the contents on this site are copyrighted ©.