2012-11-18 12:23:22

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 18 Նոյեմբեր 2012 - ի կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանեց` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը, Ս. Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հարիւրաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց` օրուան սուրբ գրային ընթերցումներուն վրայ, քաղուած` Մարկոսի աւետարանէն (Գլ.13, 24-32), ուր կը խօսուի Մարդու Որդւոյն գալստեան մասին։
Մարդու Որդին նոյնինքն Քրիստոսն է -հաստատեց Նորին Սրբութիւնը- որ ներկան ապագային հետ կը միացնէ,Ան իսկական իարադարձութիւնն է որ հակառակ փոփոխական աշխարհին կը մնայ ամուր ու կայուն կեդրոն։
Աւետարանին մէջ Յիսուս կը հաստատէ թէ <<երկինքը ու երկիրը պիտի անցնին բայց իր խօսքերը պիտի չ՛անցնին>>։ Ամէն ինչ անցողական է բայց Աստուծոյ Խօսքը չի փոխուիր ու Անոր առջեւ մեզմէ ամէն մէկը իր վարուելակերպի պատասխանատուն է - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա արտասնեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն աւարտին զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները, վերյիշելով նաեւ Արկէնթինայի մէջ կատարուած <<Մարիա Գրէշէնցա Բէրէզ>> կրօնաւորուհիի երանացման արարողութիւնը։
Ան ապա ֆրանսերէն լեզուով յորդորեց հաւատացեալները մասնակցելու կիրկանօրեայ ս. պատարագին որ <<ամէն քրիստոնեայի համար անհրաժեշտութիւն մըն է>>։
Հուսկ բոլորին մաղթելով Բարի Կիրակի ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.