2012-11-18 09:40:14

Հայերէնէ Օտար Լեզուներ Թարգմանուած Գրականութեան Թիւը Շատ Քիչ .


Պուլկարիոյ մէջ տեղակայուած ու աշխարհի շարք մը երկիրներու մէջ գործող «Նեքսթ փէյճ» հիմնադրամը Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հետ համագործակցաբար կատարած է Հայաստանի գրա-հրա-տարակչութեան ոլորտին վերաբերող ուսումնասիրութիւն մը, որուն հիմնական մասը կը վերաբերի թարգմանութիւններուն:
Եւրամիութեան աջակցութեամբ իրականացուող ծրագիրի ծիրին մէջ հիմնադրամը փորձած է պարզել, թէ ի՛նչ գրականութիւն ու որքա՛ն տպաքանակով է այն գրականութիւնը, որ հայերենէ օտար լեզուներ կը թարգմանուի եւ հակառակը: Հետազօտողները բացայայտած են, որ 1991 թուականէն ի վեր հայերէնի ֆրանսերէն թարգմանուած գիրքերուն թիւը եղած է ամէնէն շատը, ապա կու գան գերմաներէնը, իտալերէնը, անգլերէնը։
Հիմնադրամի նախագահ Եանա Գենովան յայտնած է, որ ուսումնասիրութիւն կատարելու ընթացքին գտած են կարգ մը առանձնայատկութիւններ. «Հայերէնէն այլ լեզուներ թարգմանութիւն կատարելու իմաստով հիմնական յոյսը դրուած է սփիւռքին վրայ՝ ե՛ւ որպէս սպառողի, եւ թէ որպէս թարգմանիչի: Առաւելութիւն է այն, որ Հայաստանէն դուրս մեծ թիւով հայեր կան, բայց կան նաեւ այս երեւոյթին ժխտական կողմերը։
Արդարեւ, սփիւռքէն դուրս առկայ է հսկայ շուկայ մը, որ կրնայ սպառել հայկական գրականութիւն, սակայն անիկա ընդհանրապէս կ՛անտեսուի: Այլ առանձնայատկութիւնը այն է, որ հայերէնէ օտար լեզուներ կը թարգմանուին հիմնականին մէջ պատմական բովանդակութիւն ունեցող գիրքեր՝ Հայաստանի պատմութեան, եկեղեցւոյ պատմութեան եւ ցեղասպանութեան մասին»:
«Շատ շատ քիչ է այլ լեզուներ թարգմանուող ժամանակակից գրականութիւնը, այն գրականութիւնը, որ այսօր կը ծնի ու կը կարդացուի։ Շատ ցաւալի է, որ այդպէս է, որովհետեւ եւրոպացի հրատարակիչները ընդհանրապէս ներկայով հետաքրքրուած են»։
Եանա Գենովան օրինակ բերած է պուլկարերէնը, որ հայերէնին նման փոքր լեզու է: Ըստ անոր, պուլկարերէնէն եւրոպական լեզուներ կը թարգմանուին ժամանակակից գրականութիւն, հիմնականին մէջ՝ վէպեր, որոնց հեղինակները այժմ միջին տարիքի մարդիկ են:
Թարգմանիչ Սամուէլ Մկրտչեանը նշած է, որ յատկապէս արձակը օտար լեզուներով թարգմանելու հարցը շատ լուրջ է եւ կրնայ լուծուիլ միայն պետական աջակցութեամբ.

Ըստ թարգմանիչին, հիմնականին մէջ իր մշակոյթն ու գրականութիւնը իր երկրէն դուրս տարածելով հետաքրքրուած պէտք է ըլլայ պետութիւնը։
«Պետութիւնն առաջին հերթին իր մշակոյթով է ներկայանում աշխարհին, եւ եթէ դու բան չունես ներկայացնելու, քեզ ոչ ոք հաշուի չի առնի», նշած է Սամուէլ Մկրտչեանը:
Մշակոյթի Նախարարի խորհրդական Ներսէս Տէր Վարդանեանի համաձայն, պետական պատուէրով տարեկան 10էն աւելի գիրքեր կը թարգմանուին օտար լեզուներու եւ հակառակը:







All the contents on this site are copyrighted ©.