2012-11-17 12:06:35

Հրատարակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետի Երիտասարդութան 2013-ի Համաշխարհային Օրուայ Նուիրուած Պատգամը։


Ուրբաթ 16 նիյեմբեր 2012-ին լոյս տեսաւ <<Գացէք եւ աշակերտեցէք բոլոր ազգերը>> վերտառութեամբ, Սրբազան Քահանայապետի պատգամը նուիրուած` Երիտասարդութան 2013-ի Համաշխարհային Օրուան որ տեղի կ՛ ունենայ յառաջիկայ 2013 -ի, յուլիս 23 -2 8, Պրազիլի Ռիո Տէ Ժանէյրօյի մէջ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ երիտասարդները ըլլալու առաջին միսիոնարները հանդէպ` իրենց տարեկիցներուն, ու յատկապէս թուային ու համացանցային աշխարհէն ներս բաժնեկցելու Յիսուսի հետ հանդիպման <<գեղեցկութիւնը>> եւ այս հանդիպումէն բխած ուրախութիւնը։

<<Թոյլ տուէք որ Աստուծոյ սիրոյ ոյժը առաջնորդէ ձեզ - կը գրէ Նորին Սրբութիւնը - Թոյլ տուէք որ այդ սէրը յաղթահարէ ներքին աշխարհի եւ սվորութիւններու մէջ մեկուսացումի միտումը. Քաջութիւն ունեցէք ձեզմէ մեկնելով ընթանալու դէպի ուրիշները ու զանոնք առաջնորդելու Աստուծոյ հետ հանդիպումին։

Սրբազան Հայրը ապա կը վերյիշէ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի այս խօսքերը <<Հաւատքը կ՛ամրապնդուի զայն փոխանցելով>> ու կ՛աւելցնէ << առանց աւետարանութեան` իսակական հաւատացեալներ չենք կրնար ըլլալ >>։

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը արդ կը հրաւիրէ երիտասարդները սերտելու Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը եւ ճանչնալու Հաւատքը նոյն ճշգրտութեամբ` որով տեղեկաբանութեան մասնագէտ մը կը ճանչնայ համակարգիչի գործադիր համակարգը։

Սրբազան Քահանայապետը կը նշէ ապա <<Յիսուս Թագաւոր Տիեզերքի>> հսկայական եւ նշանաւոր արձանը որ բազկատարած եւ հիւրընկալ` կը հաստատէ <<դուք Յիսուսի ձեռքերն ու սիրտն էք>> գացէք եւ վկայեցէք Անոր սէրը, եղէ՛ք նոր առաքեալներ, սիրոյ եւ հիւնրնկալութեան զգացումներով խրախուսուած։

Բանանք մեր սրտի դռները բոլորին - կը յորդորէ հուսկ Սրբազան Հայրը - մտնենք անոնց հետ երկխօսութեան մէջ` յարգանքով եւ պարզութեամբ։ Այս երկխօսութիւնը եթէ ապրուած է իսկական բարեկամութեամբ պտղաբեր պիտի ըլլայ։
Իսկ եթէ դուք ձեզ տկար, անյարմար եւ անկարող զգաք հաւատքը քարոզելու ու զայն վկայելու` մի վրդովիք։ Աւետարանումը մեզմէ բխող նախաձեռնութիւն մը չէ եւ մեզմէ ու մեր ձիրքերէն կախում չ՛ունի, այլ Աստուծոյ կոչ մըն է ու այդ կոչին յարգալիր եւ հլու պատասխան մը որ մեր ուժերէն կախեալ չէ։
<<Ոչ դժուարութիւնները եւ ոչ ալ անհասկցողութիւնները արգելք թող հանդիսանան Քրիստոսի աւետարանը տարածելու ձեր ապրած վայրերուն մէջ>> կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ մնալու։
Պենետիկտոս ԺԶ ապա պատգամի վերջաւորութեան յատուկօրէն կը նշէ Լատին Ամերիկայի երիտասարդները որ ցամաքամասի ընկերութեան հիմնական մասնիկ մըն են եւ որ <<Եկեղեցւոյ ու ընկերութեան կարեւոր ու թանկարժէք ուժը կը ներկայացնեն>>։








All the contents on this site are copyrighted ©.