2012-11-17 12:57:45

Բերիոյ Հայոց Թեմը Կը Դատապարտէ Նահատակաց Վկայարաններուն Հանդէպ Անմարդկային Վերաբերումը։


Սուրիական օրհնեալ հողին վրայ ծաւալած զինեալ բախումներուն թիրախ կը հանդիսանան խաղաղ բնակչութեան, բնակավայրերու, հանրային ծառայութեան կառոյցներու եւ ենթակառոյցներու կողքին աղօթավայրեր՝ մզկիթներ եւ եկեղեցիներ:
Համագոյակցութեան ու հանդուրժողութեան խորհրդանիշ հանդիսացող պատմական եւ հայաբոյր Հալէպի մէջ, ռազմական գործողութիւններու համայնակուլ գլանին զոհ դարձան Օմայեան մեծ մզկիթը, Հայ Առաքելական Ս. Գէորգ եկեղեցին, Աւետարանական Երիցական Արաբական եկեղեցին եւ այլ աղօթատեղիներ, մերթ քանդուելով ու մերթ հրոյ ճարակ դառնալով:
Արարիչին ու մարդուն դէմ կատարուած խստօրէն դատապարտելի նման յանցագործութիւններէն զերծ չմնացին նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրական վկայարանները՝ Տէր Զօրի Ս. Նահատակաց Յուշահամալիրը, Մարկատէի Ս. Յարութիւն յուշարձան մատուռը, Ռաս Ուլ Այնի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ եւ Ազգ. Նահատակաց վարժարանի տարածքները:
Սուրիական ասպնջական հողը, որ հարիւրամեակ մը առաջ գրկաբաց ընդունած էր ցեղասպանութենէն ճողոպրած բեկորները եւ իր օրհնեալ հողին շաղախած էր մեր նահատակաց աճիւնները, անմարդկային արարքներուն ի տես ահաբեկուած կը բողոքէ:
Յանուն սուրիահայութեան խստօրէն կը դատապարտենք ընդհանրապէս աղօթավայրերուն ու յատկապէս նահատակաց վկայարաններուն դէմ կատարուած տմարդի վերաբերմունքները: Համայն աշխարհին ու հայութեան կը յայտնենք, որ տէրն ենք մեր աղօթավայրերուն ու նահատակաց վկայարաններուն, զանոնք արժանավայել կերպով պահելու յանձնառութեամբ կը վստահեցնենք որ խաղաղութեան վերահաստատումին հետ վերականգնումի մեր հաւաքական երթին մէջ ունինք մեր հետ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետի օրհնութիւնը, համայն հայութեան եւ քաղաքակիրթ մարդկութեան զօրակցութիւնը:
Յարգանք սուրիական հայրենիքի բոլոր նահատակներուն:
Յարգանք Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն:
Վերստին հանգիստ նուիրական աճիւններուն:
Խաղաղութիւն նահատակներու աճիւններով սրբագործուած սուրիական հայրենիքին ու ժողովուրդին
Բերիոյ Հայոց Թեմ








All the contents on this site are copyrighted ©.