2012-11-16 12:20:53

Սուրիահայերուն Նուիրուած Համերգ


«Մէկ Սիրտ, Մէկ Հոգի, Միանանք Եւ Օգնենք» Կարգախօսով.
Անոր կը մասնակցին Հայ Երգիչներ։
Կազմակերպութեամբ «Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմնին» եւ «Արուեստագէտները երեխաներու համար» միութեան, Փասատինայի «Սիվիք Օտիթորիըմ»ի մէջ, 11 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ «Հայ Էյտ» խորագրեալ համերգը «Մէկ սիրտ, մէկ հոգի, Միանանք եւ Օգնենք» կարգախօսով։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ երգիչներ ու երաժիշտներ Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն ու Ֆրանսայէն. յիշենք անոնցմէ՝ Ռուբէն Հախվերդեան, Սերժ եւ Խաչատուր Թանգեաններ, Արտօ Թունջպոյաճեան, Լիլիթ Պիպոյեան, Վիգէն Դարբինեան, Սեպու Սիմոնեան, «Էլեմընթ», «Վիզա», «Չարմինկ Լայըրզ», «Տըրթի Տայմընտ» խումբերը, «Հայ եմ» քառեակը, Արմէն Մովսիսեան ու Սուրէն Քահվէճեան որոնք իրենց ջերմ կատարումներով զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիահայերուն։
Ձեռնարկը վարող Զաւէն Խանճանը խօսք առնելով անդրադարձաւ հանդիպումին նպատակին, քաջալերելով՝ որ վեհանձութեամբ իրենց օժանդակութիւնը բերեն. այս առթիւ Սուրիոյ իրենց քոյր եղբայրներուն նուէրներ յանձնեցին նաեւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան, Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային հայկական երեք վարժարաններու սաները: Յայտարարուեցաւ որ յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը Սուրիոյ հայ համայնքին պիտի փոխանցէ 250 հազար տոլար գումար մը:
Սուրիահայութեան օգնութեան միացեալ մարմինը ստեղծուած է սուրիահայերուն օժանդակելու նպատակով, Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ գործող եկեղեցական, բարեսիրական եւ կուսակցական կազմակերպութիւններու միասնական որոշումով՝ 2012ի Օգոստոս 14ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.