2012-11-16 12:22:25

Ամերիկա Ամբողջական Ճանաչում Չի Շնորհեր Սուրիոյ Ազգային Համաձայնական Մարմինին.


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Նոյեմբեր 14ին ողջունեց սուրիական ընդդիմադիր Ազգային Համաձայնական Մարմինին կազմութիւնը, սակայն ըսաւ, թէ ան պէտք է իր արարքներով հաստատէ, թէ իսկական ներկայացուցիչն է Սուրիոյ ժողովուրդին, որմէ ետք միայն պիտի արժանանայ Միացեալ Նահանգներու ամբողջական ճանաչման: Ուաշինկթըն նաեւ դատապարտեց գրաւեալ Կոլանի բարձունքներուն դէմ կատարուած սուրիական ռմբակոծումը:
Նոյեմբեր 13ին Ֆրանսա յայտարարած էր, թէ Ազգային Համաձայնական Մարմինը կը նկատէ Սուրիոյ ժողովուրդին միակ եւ օրինական ներկայացուցիչը: Դամասկոս «անբարոյական քայլ» համարեց Փարիզի այս կեցուածքը, որովհետեւ այս նոր Մարմինը կը փափաքի Սուրիան քանդել: Իսկ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Ազգային Համաձայնական Մարմինը ամերիկեան-քաթարական ծրագիր մըն է եւ ոչ թէ սուրիական արտադրութիւն:

Իսկ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլեըմ Հէյկ յայտնեց, որ Ազգային Համաձայնական Մարմինը ճանչնալու համար կանուխ է տակաւին եւ այդ հարցը յաւելեալ ժամանակի կը կարօտի:
Նոյեմբեր 14ին բրիտանական «Ինտիփենտընթ» թերթը գրած է, թէ Բրիտանիա եւ Ֆրանսա սուրիական ընդդիմութեան շարքերուն մէջ ծայրայեղական իսլամներու ներկայութեամբ մտահոգ են:







All the contents on this site are copyrighted ©.