2012-11-15 14:33:26

Տանջանքին Դէմ Քրիստոնեայ Միջազգային Դաշնակցութեան Գիտաժողովը Մահապատիժի Ջնջումի Ի Խնդիր։


Սենեկալի մայրաքաղաք` Տաքարի մէջ ներկայիս տեղի կ'ունենայ Տանջանքին դէմ քրիստոնեայ միջազգային դաշնակցութեան խորհրդաժողովը, արեւմտեան ափրիկէի շրջանին մէջ մահապատիժի ջնջումի առնչութեամբ ։
Ժողովին նպատակն է որոնել ռազմավարութիւն մը ջնջելու մահապատիժի դրութիւնը ափրիկեան ցամաքամասին մէջ։
Մարդկային կեանքը նուիրական է ու անձեռնմխելի, քաղաքացիական ընկերութեան անդամներու եւ քաղաքական պատասխանատուներու պարտականութիւնն է պաշտպանել կեանքը եւ կերտել աշխարհ մը ուր մահապատիժը գործադրումը կամ օրինաւորումը կարելի չի նկատուի։
Նշենք որ Ափրիկէի 54 երկիրներու վրայ 37-ը մահապատիժը կը գործադրեն։








All the contents on this site are copyrighted ©.