2012-11-15 14:20:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը -
Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովի Մասնակիցներուն Հետ Հանդիպում։


22 Նոյեմբերէն վերսկսան << ad Limina Apostolorum>> - Առ Սեամս առաքելոյն - ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի երկրորդ խումբի, Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարուած, կանոնական հնգամեայ այցելութիւնները ։
Սոյն խումբին մաս կը կազմեն նաեւ Արեւելեան ծէսի պատկանող եպիսկոպոսները որոնց շարքին է` Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ֆրանսայի Թեմի առաջնորդ Արհի. Գրիգոր Եպս. Կապրոյեանը։

Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը Ժամը 11-ին ընդունեց վերոյիշեալ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն 10 եպիսկոպոսներ հուսկ ժամը 12-ին <<Գլեմենթինա>> սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական խորհուրդի 70 անդամներուն որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին վերոյիշեալ խորհուրդի լիանիստ ժողովին։

Անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները, ակնարկեց ժողովի այս տարուայ ընտրուած նիւթին, որ է <<համամիութեան կարեւորութիւնը նոր աւետարանումի ի սպաս>>։
Լիանիստ ձեր ժողովի նիւթը - ըսաւ Ան - շարունակութիւնը կը թուի վերջերս տեղի ունեցած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին ու ձեր այս խորհրդածութիւնը կը ներփակուի նաեւ Հաւատոյ Տարուայ բանակարգէն ներս որ ուզեցի յայտարարել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի 50րդ տարեդարձին առթիւ։ Վատիկանեան Ժողովի հայրերը ուզեցին ընդգծել սերտ կապը որ գոյութիւն ունի աւետարանումի եւ քրիստոնեաներու բաժանումները գերազանցելու մէջ։ <<Այս բաժանումը հակառակ է Քրիստոսի կամքին եւ գայթակղութիւն մըն է աշխարհի համար ու վնաս կը հասցնէ աւետարանի քարոզութեան սուրբ գործին։>> գրուած է Համիմութեան հայող <> հրովարտակի մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով որ <<համամիութենական հարազատ ճանապարհորդութիւնը կարելի չէ հետապնդել անտեսելով Հաւատքի ճգնաժամը որ իրողութիւն մըն է երկրագունդի զանզան վայրերուն մէջ ներառեալ այն շրջանները որ առաջինները հանդիսացան Աւետարանի պատգամը ընդունելու եւ ուր քրիստոնայ կեանքը ծաղկուն եղած է։ Միւս կողմէ կայ նաեւ հոգեւորի ծարաւ մը ու այս իրողութեան դիմաց Քրիստոսի հաւատացողներէս կը խնդրուի վերադառնալ էականին, մեր հաւատքի սրտին, որպէսզի վկայենք աշխարհի կենդանի Աստուածը, այսինքն Աստուած մը որ կը ճանչնայ իրեն սիրելիները եւ անոնցմէ ամէն օր կը սպասէ այդ սիրոյն համապատասխանը։
Եկեղեցիներուն ու հասարակութիւններու յանձնառումը նոր աւետարանութեան ի խնդիր, յոյսի նշան է։ Վկայել կենդանի Աստուածը ամէն քրիստոնեայի հրամայականն է եւ մեզ միացնող հրամայական մը` հակառակ եկեղեցական միութեան անկատարելիութեան։ Պէտք չենք մոռնալ այն ինչ որ մեզ կը միացնէ, այսինքն Հաւատքը Աստուծոյ մէջ, Հայր ու Արարաիչ, որ յայտնուեցաւ իր որդւոյն` Յիսուս Քրիստսի միջոցաւ, մեզի շնորհելով վերակենդանացնող եւ սրբացնող` Սուրբ Հոգին ։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութեան ու այս ճանապարհով ընդանալու անհրաժեշտութեան մասին հաստատելով որ Համամիութեան իսկական կէտնպատակը <<բաժանուած քրիստոնեաներու միջեւ տեսանելի միութիւնն է>> ու այս միութիւնը չենք կրնար իրագործել որպէս մարդ, այլ հարկ է ունենալ Աստուծոյ շնորհքը, որովհետեւ Եկեղեցին Անոր կը պատկանի։
Յիսուսի աշակերտներու միութեան ընդմէջէն է որ կը ճանչցուի Աստուծոյ կիրակումը որ կը յաղթահարէ աշխարհի քայաքայումին - յարեց Սրբազան Հայրը - ու ապա խօսքը եզրափակելով մաղթեց որ Հաւատոյ Տարին օժանդակէ համամիութենական ճանապարհի յարաջացումին։
Միութիւնը մէկ կողմէն հաւատքի պտուղն է եւ միւս կողմէն միջոցն է հաւատքը հաղորդելու բոլոր անոնց որոնք տակաւին չեն ճանչնար Փրկիչը ու անոնց որոնք թէեւ իմացած են աւետարանի պագտամը սակայն մոռցած են այս թանկարժէք պարգեւի գեղեցկութիւնը։ Իսկական համամիութիւնը կարիքը ունի, համբերութեան, խոնարհութեան եւ Աստուծոյ կամքին յանցնուելու։ Համամիութիւնն ու նոր աւետարանութիւնը միասին կարքիը ունին ապաշխարութեան որպէս անկեղծ փափաք հետեւելու Քրիստոսի ու լիապէս կատարելու Հօր Աստուծոյ կամքը։ ։Շնորհակալ եմ բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.