2012-11-15 12:50:38

Միւֆթի Քապպանի Կոչ Ուղղեց Մերժելու Սադրանքները Եւ Անոնց Պատճառած Պատերազմները։ (Լիբանան) .


Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց իսլամական նոր տարուան առիթով պատգամը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան չար թելադրանքներու պատճառով պատերազմներ վկայած է:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յիշելու այդ պատերազմները եւ երկիրը դարձեալ նոր պատերազմի մը չենթարկելու ինչպէս նաեւ քաղաքական տարակարծութիւնները հեռու պահելու լիբանանեան տարբեր շրջաններէն:
«Եթէ Լիբանանի մէջ նոր պատերազմ մը բռնկի, ապա ան մեզ պիտի չփրկէ», ըսած է Միւֆթի Քապպանի: «Ով որ քաղաքական իր հաշիւները մաքրելու համար փողոցը կ՛օգտագործէ, ապա ան մեծ սխալ մը գործած կ՛ըլլայ իր ժողովուրդին հաշւոյն», աւելցուց ան:
Միւֆթի Քապպանի կոչ ուղղեց բոլորին կառչած մնալու լիբանանեան պետութեան, գերիշխանութեան, սահմանադրութեան եւ համագործակցելու իրարու հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.