Իսրայէլեան օդուժը Կազայի մէջ ինքնաշարժ մը հարուածելով սպաննեց Համասի զինեալ թեւի հրամանատար
Ահմետ Սայետ Խալիլ Ժապպարին եւ առնուազն երկու ուրիշներ: Բանակի բանբեր Աւիթալ Լիպովիչ
«Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ բանակը Կազայի մէջ «սահմանափակ» գործողութեան մը ընթացքին
20 թիրախներ հարուածած է: Բանակը նաեւ յայտարարեց, որ Համասի ցաւ պատճառող հարուածները
պիտի շարունակուին, իսկ Համասի զինեալ թեւը` Քասսամի Ջոկատները յայտարարեցին, որ Իսրայէլ
Ժապպարին սպաննելով իր դիմաց դժոխքի դռները բացաւ: 46-ամեայ Ժապպարի չորս տարի
առաջ Կազայի դէմ կատարուած իսրայէլեան լայնածաւալ գործողութենէն ետք, սպաննուած Համասի
ամէնէն բարձրաստիճան պաշտօնատարն է: Իսրայէլի ներքին գաղտնի սպասարկութիւնը` Շին Պեթը
յայտնեց, որ ան «վերջին տասնամեակին ընթացքին Կազայէն Իսրայէլի դէմ բոլոր ահաբեկչական
գործունէութեանց» պատասխանատուն էր: Իսրայէլեան գործողութենէն ետք կացութիւնը սուր
մագլցում արձանագրեց: Պաղեստինցիք ռմբակոծեցին իսրայէլեան շրջաններ, մասնաւորաբար Հացորիմ
զինուորական օդակայանը, իսկ Իսրայէլ` Կազան, պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ: Տիրող կացութեան
մէջ Եգիպտոս Իսրայէլի մէջ իր դեսպանը տուն կանչեց, իսկ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանը
արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչեց եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի նիստ պահանջեց: Աւելի
ուշ, Գահիրէի օդակայանէն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու դեսպանատան
անձնակազմը հեռացած են Եգիպտոսէն: