2012-11-15 13:04:17

Ամենապատիւ Տ. Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորագիրը Ղպտի Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պապի Գահակալութեան Համար։


Պէյրութ-Երեքշաբթի, 13 նոյեմբերին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորագիր մը յղեց Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ Թէոտորոս Բ.ի գահակալութեան առթիւ։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ուղերձին մէջ, կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ Թէոտորոս Բ. նորընտիր պապին իր առաքելութեան մէջ, ուղիղ առաջնորդելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը Աստուծոյ, Տիրամօր եւ ամէն սուրբերու օրհնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.