2012-11-14 12:17:49

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 14 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պօղոս Զ. անուան սրահին մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց այնտեղ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, շարունակելով հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Լուսաւորութեան դարը զԱստուած նկատած է որպէս մարդկային հոգւոյ ցոլացում, արդ պատրանք. ու մարդը ընդունած է որպէս իրողութեան միակ չափանիշը։ Այդ ժամանակէն ի վեր ու նաեւմեր օրերուն հաւատքը յաճախ քննադատուած է, մերժուած ու ենթարկուած փորձութեան։Հարկ է զայն կղզիացնել առօրեայէն։
Եթէ Աստուած իր կեդրոնականաութիւնը կորսնցնէ, մարդը ինք եւս, արարչութեան եւ յարաբերութիւններու մէջ ունեցած` իր տեղը կը կորսնցնէ։ Ասոր համար է Եկեղեցին կը շարունակէ շեշտել մարդու ու անոր ճակատագրին ճշմարտութիւնը։Եկեղեցւոյ հետ մենք եւս կանչուած ենք պատասխան տալու, անաստուածութեան, դերահաւատութեան եւ անտարբերութեան, հիմնուելով երեք իրողութիւններու վրայ. Աշխարհ, Մարդ Արարած եւ Հաւատք։
ԱՇԽԱՐՀԸ բնակուած է արարչական իմացականութեամբ որ է ԱՍՏՈՒԱԾ, զոր կարելի է ճանչնալ արարչութեան հայեցողութեան ընդմէջէն որուն գեղեցկութիւնը գովեստի օրհներգ մըն է։
ՄԱՐԴԸ իր մէջ ունի անհունի հանդէպ ծարաւ ու այս ծարաւը զինք կը մղէ փնտռելու մէկը. ԱՍՍՏՈՒԱԾ որ միակն է կարող` լիացանելու դատարկութիւնը։
ՀԱՒԱՏՔԻ ապրումը կ՛առաջնորդէ Աստուծոյ ճանաչողութեան։ Քրիստոնեայ հաւատքը չի կրնար հաւատալիքներու եւ արժէքներու պարզ կազմութեան վերածուիլ։
Քրիստոնէութիւնը ամէնէն առաջ Սիրոյ իրողութիւնն է. ճշմարիտ մարդ ու ճշնարիտ Աստուած Յիսուսի ընդունելութիւնն է։ Ասոր համար քրիստոնեան եւ քրիստոնեայ հասարակութիւնները ամէնէն առաջ նայելու են Քրիստոսի ու զայն ճանչցնելու են, Ան` որ Աստուծոյ տանող ճշմարիտ ճանապարհն է։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ գտնուող հաւատացեալները ու ապա յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն։
Վաղը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - կը տօնենք Մեծն Սուրբ Ալպերթոսի յիշատակը որ բնագիտութեան մասնագէտներու պաշտպանն է։
Սիրելի երիտասարդներ` գիտցէք պարտաճանաչ ուսմունքը հաշտեցնել հաւատքի պահանջներուն հետ։
Սիրելի հիւանդներ` վստահեցէք բժշկութեան տուած օգնութեան վրայ բայց աւելի մեծ չափով վստահեցէք Աստուծոյ նախախնամութեան վրայ եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ` սիրով եւ փոխադարձ յարգանքով վկայեցէք ամուսնութեան խորհուրդի գեղեցկութիւնը։

Ունկնդրութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ լիբանանու երբեմնի նախարար Սաատ Հարիրիի հետ որ այս օրերուն Իտալիայ կը գտնուի եւ որ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Արտգործ նախարար Տոմինիք Մամպերթիի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.