2012-11-14 13:05:08

Երուսաղէմի ֆրանսական Հիւպատոսարանին Մէջ, Գերապայծառ Յովսէփ Թ. Ծ. Վրդ. Քելեկեան՝ Առաջնորդը Ս. Երկրի Եւ Յորդանանի Կաթողիկէ Հայոց, Մասնակցեցաւ Ֆրանսայի Իսլամ Կրօնապետերու Հետ Հանդիպումին։


Երկուշաբթի 12 նոյեմբերի կէսօրին, Երուսաղէմի ֆրանսական հիւպատոսարանը կ՛ընդունէր Ֆրանսայէն եկած իմամներու խումբ մը, որոնք պիտի այցելէին յաջորդ օրերու ընթացքին, Երուսաղէմի զանազան սրբավայրերը, հրէական, քրիստոնէական եւ իսլամական, անխտիր։ Իրենց կ՛ընկերանար ֆրանսացի հրեայ ծանօթ վիպագիրը` Մարէք Հալթեր։ Անոնց այս շրջապտոյտը կազմակերպուած էր նախաձեռնութեամբ Երուսաղէմի ֆրանսական հիւպատոսարանին, եւ ֆրանսական արտաքին գործոց նախարարութեան։
Հիւպատոսը այս առթիւ ազնուութիւնն ունեցած էր հրաւիրեալու նաեւ Երուսաղէմի կաթողիկէ կրօնապետերը, ինչպէս նաեւ կարգ մը կրօնաւորական տուներու մեծաւորները, մասնաւորապէս անոնք որ ֆրանսական զարգացում ունէին ընդհանրապէս։
Ներկայ եղան այս հանդիպումին` Արհիապատիւ Միշել Սապպահ, Լատինաց նախկին պատրիարքը, ինչպէս նաեւ յոյն, հայ եւ ասորի կաթողիկէ համայնքներուն առաջնորդները. Ժիւլ Արք. Զըրէյիի, Գերպ. Յովսէփ Քէլէկեան եւ Փիէռ եպիսկոպոս Մելքի։ Ներկաներուն հրամցուեցաւ մասնայատուկ ճաշ, նկատի առած ներկաներու կրօնական սովորութիւնները։
Ներկայ իմամները, ծանօթանալէ ետք Երուսաղէմի քրիստոնեայ կրօնապետերուն, խօսակցեցան եւ փոխանակեցին խաղաղութեան եւ եղբայրութեան տեսութիւններն ու գաղափարները, անոնք իրենց զարմանքը յայտնեցին նկատելով արեւելքցի քրիստոնեայ հոգեւորականներու մօտիկութիւնը իրենց, թէ' հոգիով եւ թէ' գաղափարով։
Ճաշի վերջաւորութեան, Հիւպատոսը` Պր. Ֆրէտէրիք Տէզանիօ, բարի գալուստի խօսքը ուղղեց բոլոր ներկաներուն, եւ ապա` իմամներէն մին, բոլորին անունով` իր շնորհակալութեան խօսքն արտայայտեց հիւպատոսին. որմէ ետք, իսլամ կրօնապետերը ողջունեցին քրիստոնեայ առաջնորդները ու մեկնեցան Րամալլահ, ուր պաշտօնապէս պիտի ընդունուէին Պաղեստինեան իշխանութեանց կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.