2012-11-14 12:57:32

«Ընթացող Բռնարարքները Սուրիան Դէպի Քայքայում Կը Տանին» Կ՛ըսէ Նեպիլ Արապի: Ֆրանսա Արեւմտեան Առաջին Երկիրներէն՝ Որը Պաշտօնապէս Կը ճանչնայ Սուրիոյ Ընդդիմադիր Ուժերու Ազգային Համախմբումը։


Եւրոպական Միութեան եւ Արաբական Լիկայի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ Գահիրէի մէջ ժողով մը գումարեցին:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր նիստի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ «մենք Սուրիոյ տառապանքին ժխտական անդրադարձները կը զգանք»` նշելով, որ «Սուրիոյ տագնապին լուծումը մեր պարտաւորութիւնն է»: Ան կոչ ուղղեց Սուրիոյ մէջ մարդկային եւ փոքրամասնութեանց իրաւունքները յարգելու:
Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ «ընթացող բռնարարքները իշխանութեան կարծր կեցուածքին պատճառով Սուրիան` արաբական երկիրը դէպի քայքայում կը տանին»: Ան ըսաւ, որ իշխանութիւնը պատերազմական բոլոր զէնքերը օգտագործեց, իսկ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այդտեղ տեղի ունեցող արիւնահոսութիւնը դադրեցնելու առնչութեամբ անկարող գտնուեցաւ:
Արապի նշեց, որ Սուրիական յեղափոխական ուժերու եւ ընդդիմութեան ազգային համաձայնական մարմինի կազմութիւնը յոյսի նշոյլ մըն է, որ ձեռք բերուեցաւ Քաթարի հովանաւորութեամբ եւ մեծ ջանքերէ ետք: Ան յոյս յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմութեան մնացեալ խմբաւորումները եւս այդ մարմինին միանան եւ պետութեանց կոչ ուղղեց` զայն ճանչնալու:
Արապի բոլորին կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան աջակցելու:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քեթրին Էշթըն վճռակամութիւն յայտնեց Արաբական Լիկային հետ գործակցելու` նշելով, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները ամբողջ շրջանին վրայ կ՛ազդեն:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային համաձայնական մարմինը ամերիկեան-քաթարական ծրագիր մըն է եւ օտար ուժերը զայն կ՛օգտագործեն Սուրիան քանդելու համար: Ան նշեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը սուրիական արտադրութիւն չէ, այլ` ամերիկեան եւ քաթարական, իսկ անոնք, այսինքն` սուրիացի ընդդիմադիրները ատով հպարտ են»:
Իսկ «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային յարաբերութեանց խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի յայտնած է, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան 90 առ հարիւրը սուրիացիներէ չէ կազմուած: Ան «արաբական յետադիմական երկիրներ»-ը ամբաստանեց «Ալ-Քայիտայէն վարձկաններ Սուրիա ուղարկելու եւ քաղաքայիններու սպանութեան համար անոնց դրամ ցրուելու» յանցանքով` շեշտելով, որ իր երկիրը սուրիական կառավարութեան կը զօրակցի: «Սուրիոյ նկատմամբ Իրանի զօրակցութիւնը սուրիական կառավարութեան գոյատեւման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւնը ունէր», նշեց ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.