2012-11-13 14:11:12

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Առողջապահութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Միջազգային 27-րդ Ժողովի Ներկայացում։
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ, գլխաւորութեամբ գերապայծառ Ծիկմունթ Ծիմովսքին` նախագահը առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդին, ներկայացումը կատարուեցաւ սոյն խորհուրդի՝ ( առողջապահութեան քահանայապետական խորհուրդի) միջազգային 27-րդ ժողովին. հետեւեալ բնանիւթով. ''հիւանդանոցը որպէս աւետարանութեան վայր` մարդկային ու հոգեւոր առաքելութիւն''։
Առողջապահութեան միջազգային 27-րդ խորհուրդի ժողովը տեղի պիտի ունենայ Վատիկան (15-17 նոյեմբեր) անոր կը մասնակցի նաեւ Իտալիոյ առողջապահութեան նախարարը՝ Ռենաթօ Պալտուցի։ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ժողովին աւարտին, ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ մասնակցողներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.