2012-11-13 12:39:10

Սուրիոյ Պատերազմը։ Կացութիւնը Հալէպի Եւ Դամասկոսի Մէջ։


Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Բերիոյ թեմի Ազգային Առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ ըսած է թէ հակառակ գոյութիւն ունեցող հանդարտ վիճակին, այսուհանդերձ Հալէպի մէջ հրասանդի հրթիռներու եւ արձակազէններու փամփուշտներուն սպառնալիքը կը մնայ առկայ:
Իսկ Դամասկոսի պարագային եւս հանդարտութիւնը շատ զգուշաւոր է: Քաղաքին կեդրոնին անմիջական արուարձանները կ՛ենթարկուին ռմբակոծումներու: Մայրաքաղաքի կեդրոնի մուտքերուն բանակը խիստ վերահսկողութիւն հաստատած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.