2012-11-13 14:18:08

Պատրիարքական Նշանակում


Կոչումներու թեմական Յանձնախումբի պատասխանատուի անուանում
Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պարրիարքը յատուկ գիրով մը Կոչումներու թեմական Յանձնախումբի պատասխանատու նշանակեց Գերապատիւ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեանը
Առ Գերապատիւ Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթէրեան (գրած է ամեն. Հոգեւոր Տէրը) Այս գիրով քեզ կ՛անուանեմ Կոչումներու թեմական Յանձնախումբի պատասխանատու: Քեզի կ՛իյնայ Յանձնախումբի անդամները զատել, որպէսզի կարենամ զանոնք անուանել: Նախապատուութիւնը տալու է աղօթքի: Կոչումներու հարցը Նուիրապետութեանս ամէնէն կենսական ու հրատապ հարցերէն մին է: Ասոր համար, այս նուիրական գործը աւելի արդիւնաբեր դարձնելու համար, կապ պահելու է ժողուրդապետներուն եւ վարժարաններու տնօրէներուն հետ: Կրնաս վստահ ըլլալ, սիրելի վարդապետ, որ Կոչումներու Յանձնախումբը իմ ամբողջական հոգածութիւնը կը վայելէ:

Հայրական Օրհնութեամբ՝

Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.