2012-11-13 14:11:29

Յարաբերութիւններու Բարւոգում Վատիկանի ու Վիէթնամի միջեւ։


Վիեթնամական Պատուիրակութեան Այցը Վատիկան։
Վիէթնամի միջ-նախարարական պատուիրակութիւն մը վերջերս այցելած է Վատիկանը եւ վերահաստատած Ս. Աթոռի եւ Վիթէնամի միջեւ ''բարի կապերը'' ու անցեալ 27 եւ 28 փետրուար 2012-ին Հանոյի մէջ տեղի ունեած երկկողմանի հանդիպումին շարունակութիւնը որուն ընթացքին Ս. Աթոռը պահանջած էր որ աւելի ազատութիւն տրուի իր դեսպանին Վիէթնամեան հողին վրայ։
Յայտնենք որ Վիէթնամի կաթողիկէ համայնքը կը հաշուէ շուրջ 8 միլիոն հաւատացեալ որ կը համապատասխանէ բնակչութեան 7 տոկոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.