Կարդինալ Սարա Աւարտեց Յանուն Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Կատարած Առաքելութիւնը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի անունով, 7 - 10 նոյեմբեր, Լիբանան կատարած առաքելութեան
աւարտին, Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ- Քահանայապետական Բարեսիրական Մարմնի Նախագահ` Կարդինալ
Րոպէրդ Սարա\ յայտնած է իր <<յուզմունքն ու խոր ցաւը>> ի տես սուրիացի փախստականներու
ապրած <<անասելի տարապանքներուն>>։ Չորս օրուայ առաքելութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի
յատուկ պատուիրակը հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու հետ
ինչպէս նաեւ կաթողիկէ բարեգործական հաստատութիւններուն հետ համադրեց սուրիոյ բնակչութեան
ի սպաս օժանդակութիւնները։ Ըստ Մակի փախստականներու գրասենեակին մինչեւ օրս աւելի
քան 408 հազար սուրիացիներ ապաստան գտած են Թուրքիայ, Լիբանան եւ Յորդանան։ Ռատիովատիկանի
հետ ունեցած հարացազրոյցի ընթացքին Կարդինալ Սարան ընդգծած է քրիստոնեաներու մտավախութիւնը
մահմետական ծայրայեղութեան յառաջացումէն։ Խօսելով ապա Սրբազան Քահանայապետի ուղարկած
նիւթական օժանդակութեան Կարդինալ Սարա հաստատած է թէ 1 միլիոն տոլարը <<կաթիլ մըն է>>
ի տես իսկական պահանջներուն։ Այդ գումարէն (1 միլոն) 700 հազարը յատկացուեացաւ Սուրիոյ
մէջ ապրող բնակչութեան իսկ մնացած 300 հազարը բաժնուեցաւ, Լբանան, Յորդանան եւ Թուրքիայ
ապաստանած սուրիացիներուն - յայտնեց Կարդինալ Սարան - մաղթանք յայտնելով որ օժանդակութիւնները
շարունակուին որովհետեւ գաղթականներու թիւը օրէ օր աճում կ՛արձանագրէ։ Քահանայապետի
յատուկ Պատուիրակը ապա յոյս յայտնեց որ միջզգային հասարակութիւնը ունկնդրէ Սրբազան Քահանայապետի
համերաշխութեան եւ խաղաղութեան ի սպաս ուղղած կոչը, աւելցնելով որ Միջին Արեւեքլի մէջ
Եկեղեցին զօրակից է ամէնուն հետ, նոյնիսկ այլ կրօնի պատկանող հաւատացեալներուն նկատմամբ։
Կարդինալ Սարա հուսկ հրաւիրեց Քրիստոնեաները Տիրոջ աղօթելու որ առաջնորդէ պատասխանատուներուն
քայլերը որպէսզի յանգին արդար եւ խաղաղ լուծումներու։