2012-11-13 13:21:37

Իտալիոյ Խորհրդարանը Կը Նշէ Երջանկայիշատակ ՅՊԲ Այցի Տասնամեակը։


Չորեքշաբթի 14 նոյեմբեր 2012-ին ժամը 11-ին Իտալիոյ խորհրդարանը պիտի նշէ երջանկայիշատակ ՅՊԲ-ի 10 տարիներ առաջ Իտալիոյ խորհրդարան կատարած այցը ։ Արդարեւ 14 նոյեմբեր 2002-ի ժամը 11-ին երջանկայիշատակ Քահանայապետը պատմական այցելութեամբ ժամանած էր Իտալիոյ Խորհրդարան։
Այս յոբելեանի առթիւ Իտալիոյ Խորհրդարանը - Մոնթէչիթորիօ - Պալատին մէջ կազմակերպած է յատուկ արարողութիւն մը որուն բացումը կը կատարեն խորհրդարանի նախագահ` Տիար Ճանֆրանքօ ֆինի եւ Ծերակոյտի նախագահ` Տիար Րէնաթօ Սքիֆանին։ Ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց 2002-ի խորհրդարանի նախագահ Տիար Փիէր ֆերտինանտօ Գազինի եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարդինալ Անճէլօ Պանիասքոն։
Արարողութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուին երջանկայիշատակ ՅՊԲ պատմական այցը նկարագրող պատկերներ եւ նոյն առթիւ սոյն տարեդարձը նշող յուշագար մը պիտի նուիրուի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։








All the contents on this site are copyrighted ©.