2012-11-12 12:35:12

Քրիստոնեաներու Միութեան Քահանայապետական Խորհուրդի Լիանիստ Ժողովը.


''Համամիութեան կարեւորութիւնը Աւետարանի նոր քարոզութեան համար'' նիւթին մասին։
Այս նիւթը շարունակութիւնն է եպիսկոպոսներու 13-րդ ժողովին, որուն բնաբան էր. ''նոր աւետարանութիւնը քրիստոնէական հաւատքի հաղորդումին ի սպաս''։
Այս մարտահրաւէրը ուղղուած է բոլոր քրիստոնեաներուն։
Բոլոր եկեղեցիները եւ քրիստոնեայ համայնքները կանչուած են Աւետարանի վկայութիւն տալու։ Ասիկա աստուածային հրաման մըն է եւ Քրիստոսի բոլոր աշակերտները` հոգեւորական թէ աշխարհական ՜՜միասիրտ՝՝ պէտք է աշխատին դիմագրաւելու ներկայ մշակութային եւ ընկերային իրավիճակը։ Լիանիստ գումարի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ունկնդրութիւն պիտի շնորհէ ժողովականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.