2012-11-12 12:31:15

Մեսրոպեան Վարժարանին Նոր Յաջողութիւնները


ՊԱՔԱԼՈՐԷԱՅԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ( Կը Տեղեկացնէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Տեսչական Գրասենեակը) ։

՝՝2011-2012 կրթական տարեշրջանի լիբանանեան պաքալորէայի պետական քննութիւններուն լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտները անցնող տարեշրջանին եւս արձանագրած են պատուաբեր արդիւնքներ:
Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ գրականութեան բաժինին մէջ Նուարդ Օհաննէսեան եւ Սինթիա Արաբկիրլեան լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ հանդիսացած են առաջին: «Լաւ» յիշատակութեան արժանացած են Տիանա Եղիա, Լորի Եթերեան եւ Ռիթա Պօղոսեան:
Նշեալ արդիւնքները յայտարարուեցան ՀՅԴ «Զաւարեան» Ուսանողական Միութեան կազմակերպած պաքալորէայի գերազանց նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման հանդիսութեան ընթացքին: Նախաձեռնութիւն մը, որ ուսանողութեան քաջալեր հանդիսացող մեծ աշխատանք մըն է:
Կը շնորհաւորենք մեր ծնողներն ու աշակերտները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ուսուցիչներուն ու կրթական պատասխանատուներուն, որոնց հետեւողական աշխատանքով, բծախնդրութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ կարելի եղաւ նուաճել յաջողութիւնները: Լիայոյս ենք, որ այս տարեշրջանին ալ մեր աւարտական աշակերտները միեւնոյն ոգիով, մթնոլորտով եւ յաւելեալ թափով կ՚արձանգրեն նոր ձեռքբերումներ՝՝ կը յայտարարէ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի Տեսչական Գրասենեակը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.