Հալէպի մէջ արդէն սկսած են բաժնել հայաստանեան երրորդ մարդասիրական օգնութեան ծանրոցները:
Սուրիացիներուն տրուող օգնութեան տրամադրումը կ’իրականացուի Հալէպի կարմիր մահիկի, Բերիոյ
թեմի ազգային առաջնորդարանի, ինչպէս նաեւ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմնի եւ Սուրիոյ մէջ
Հայաստանի դեսպանութեան համագործակցութեամբ: «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի մասնաճիւղի
քարտուղար Հիլալ Հիլալ նշած է, որ սուրացիները բարձր կը գնահատեն հայերու կողմէ կատարուած
այս մարդասիրական քայլը, ինչ որ կ’ապացուցէ հայ-սուրիական շատ սերտ համագործակցութիւնը: Հալէպի
քաղաքապետ Մուհամմատ Ուահիտ Աքքատ իր հերթին նշած է, որ հայկական մարդասիրական օգնութիւնը
ցոյց կու տայ խոր բարեկամական եւ եղբայրական յարաբերութիւններու գոյութիւնը սուրիացի
եւ հայ ժողովուրդներու միջեւ` աւելցնելով, որ սուրիացիները երբեք պիտի չմոռնան այս օգնութիւնները: Հայաստանէն
Սուրիա մարդասիրական օգնութեան երրորդ օդանաւը Հալէպ հասած է Նոյեմբեր 8-ին: «Օգնիր Եղբօրդ»
նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 15-ին «Էյր Արմէնիա» բեռնատար օդանաւով Սուրիա ուղարկուած
էր առաջին օգնութիւնը` 15 թոն բեռ: Հոկտեմբեր 22-ին «Սուրիական օդանաւային ընկերութիւն»-ը
՝՝Երեւան-Հալէպ՝՝ թռիչքով Սուրիա տեղափոխուած էր մօտ երկու թոն մարդասիրական օգնութիւն,
ներառեալ` առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայք, իսկ Նոյեմբեր 8-ին` կրկին «Էյր Արմէնիա»-ն
Սուրիա տեղափոխած էր 13 թոն մարդասիրական օգնութիւն: