2012-11-12 12:34:27

Անթիլիասի Հայ Գիրքի 34-րդ Ցուցահանդէսի Բացման Առիթով Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պատգամեց.


«Հայ Գի՛րքը Հայ Մարդուն Փառքը, Պատիւն Ու Պարտքն Է» ։
Կիրակի, 11 նոյեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կազմակերպուած հայ գիրքի 34-րդ ցուցահանդէսի բացումը կատարելով` Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ իր մտահոգութիւնը յայտնելով հայ մարդուն հեռու ըլլալուն համար հայ գրքի հանդէպ, ըսաւ. ՜՜Հայ գիրքը տագնապի մէջ է, որովհետեւ սկսած է որբանալ ու փոշիներու մէջ թաղուիլ: Հայ գիրքին տագնապը նաեւ մե՛ր տագնապն է, որովհետեւ`
Առանց հայ գիրքին աղքա՛տ է մեր կեանքը.
Առանց հայ գիրքին անգոյն է մեր կեանքը…՝՝:
Ապա, վեհափառը անդրադարձաւ պատմութեան ընթացքին հայ գիրքին ունեցած առանցքային ներկայութեան ու դերակատարութեան հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Վեհափառը յիշեց նաեւ թէ այս տարի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուած է, եւ միաժամանակ 500-ամեակն է հայ գիրքի տպագրութեան, ան ըսաւ. «Ներկայ տարուան ընթացքին համազգային տարողութեամբ ՓԱՌՔԸ հիւսեցինք հայ գիրքին` հանդէսներ ծրագրելով, հրատարակութիւններ կատարելով, կոթողներ բարձրացնելով, համագումարներ կազմակերպելով: Այլ խօսքով` բարձրագոյն աստիճանի վրայ արժանի յարգանքը ընծայեցինք հայ գիրքին, անգամ մը եւս յիշեցնելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն թէ` հայ գիրքը հայութեամբ կը շնչէ ու հայու հարազատ արժէքներով հայ մարդը կը շնչաւորէ: Հայ գիրքը հայ ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները իրար կը միացնէ` նո՛յն հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու ձգտումներուն շուրջ: Հայ գիրքը ոսկեկամուրջ մը կը նետէ մեր ներկային ու անցեալին միջեւ եւ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի լուսեղէն ապագայ՝՝:
Արամ Ա. կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքի ետին գտնուող հայ գրողին նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց հայ գիրքի մեկենասներուն, հրատարակիչներուն եւ հիմնադրամներուն` ընդգծելով միաժամանակ Անթիլիասի կաթողիկոսութեան կատարած հրատարակչական դերը: Հուսկ ըսաւ. ՜՜ Հայ գիրքը է՛ եւ մի՛շտ պիտի մնայ բոլոր ժամանակներու բոլոր սերունդներուն համար մարդակերտումի ու հայակերտումի դպրոց: Ներկայ տեղեկատուութեան արհեստագիտութիւնը իր հրապուրիչ գիւտերով որքան ալ փորձէ մեզ հեռու պահել հայ գիրքէն, հայ մարդը իր գերագոյն ճիգը պէտք է կատարէ հաւատարիմ մնալու հայ գրքին, իր կեանքի մտերիմ ընկերոջ՝՝:
Նշենք, որ հայ գիրքի ցուցահանդէսի բացման ներկայ էին միաբան հայրեր, դպրեվանքի ուսանողները եւ հոծ թիւով գրասէր հասարակութիւն մը: Այս առիթով դպրեվանքի սաները ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը` յաւուր պատշաճի երգերով: Վեհափառ հայրապետի պատգամէն ետք ներկաները հետաքրքրութեամբ մօտեցան սեղաններուն եւ վայելեցին գիրքերու մտերմութիւնը:









All the contents on this site are copyrighted ©.