2012-11-10 12:01:51

Վերջին 24 Ժամուայ Ընթացքին՝ 11,000 Սուրիացիներ Դրացի Երկիրներ Կ՛ապաստանին։ 9-ը Հազարը Թուրքիա Ապաստանած։


ՄԱԿի գաղթականական հարցերու գրասեանեակին համաձայն՝ Ուրբաթ, Նոյեմբեր 9ին, 11 հազար սուրիացիներ Թուրքիա, Լիբանան եւ Յորդանան ապաստանած են, յատկապէս որովհետեւ Թուրքիոյ սահմանին մօտերը գտնուող Ռաս ուլ Այն քաղաքը ինկած է ընդդիմութեան հակակշիռին տակ: Գաղթականներէն 9 հազարը Թուրքիա անցած է, իսկ հազարական գաղթականներ՝ Լիբանան ու Յորդանան: ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն՝ Մարտ 2011էն ի վեր 408,000 սուրիացիներ գաղթական դարձած են:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ինքզինք ՝՝սուլթան կը կարծէ՝՝, եւ վստահեցուց, թէ Թուրքիոյ մէջ միայն անոր կառավարութիւնն է, որ Սուրիոյ իշխանութեանց դէմ դիրքորոշուած է:
Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ արաբական երկիրները պէտք է սուրիական տագնապի լուծման նախաձեռնութիւնը ստանձնեն՝ նշելով, որ Ռուսիա կը զօրակցի այս առումով Եգիպտոսի նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի առաջարկին:
Լաւրով միաժամանակ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ Սուրիոյ պատերազմը «մինչեւ վերջ կրնայ շարունակուիլ, որովհետեւ կողմերէն ոեւէ մէկը կռիւէն հրաժարելու մտադիր չէ»: Ըստ անոր՝ Արեւմուտքը ընդդիմութիւնը կը մղէ կռիւը շարունակելու, իսկ Ասատ տրամադիր է մինչեւ յաղթանակ կռիւը շարունակելու: «Կառավարութեան եւ բոլոր ընդդիմադիր խմբակներուն միջեւ երկխօսութենէն բացի այլ ճամբայ մենք չենք տեսներ», ընդգծած է ան:
Մինչ այդ Տոհա-ի մէջ, Սուրիոյ Ընդդիմադիր Ուժերու Նախագահ Ընտրուեցաւ Ժորժ Սապրա որ քրիստոնեայ մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.