2012-11-10 12:04:17

Ռուսահայ Գործարարներ Աւելի Քան 12 Միլիոն Տոլար Կը Նուիրեն «Հայաստան» Հիմնադրամին.


Անցեալ Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած հանգանակային ճաշկերոյթի ընթացքին շուրջ քառասուն ռուսահայ գործարարներ աւելի քան 12 միլիոն տոլար խոստացան նուիրել «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին:
Բացի գործարար բարերարներէն, ճաշկերոյթին ներկայ էին ԼՂՀ նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Բակօ Սահակեանը, ՀՀ ԱԺ նախագահ, հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Յովիկ Աբրահամեանը, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպիսկոպոս Ներսիսեանը, Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլեգ Եսայեանը եւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը:

Նուիրատուներու ամբողջական ցուցակը պիտի հրապարակուի Նոյեմբեր 22ին, հեռուստամարաթոնին ընթացքին, որ պիտի սփռուի Լոս Անճելըսէն:
Հեռուստամարաթոն 2012ի նուիրատուութիւնները պիտի յատկացուին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ համայնքային կեդրոններ կառուցելու ծրագիրին, իսկ գումարին հարիւրէն 4 տոկոսը (ըստ հիմնադրամի տնօրէն Արա Վարդանեանի) պիտի օգտագործուի սուրիահայութեան հրատապ խնդիրներու լուծման նպատակին:







All the contents on this site are copyrighted ©.