2012-11-10 12:21:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։
Սանդա Չէչիլիա Ընկերակցութեան Անդամներուն Ունկնդրութիւն։


Շաբաթ 10 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչ Կարդինալ Մարք Ուելլէն, իսկ ժամը 11.45-ին ընդունեց Գանատայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայածառ Ռիչարտ Ուիլիամ Զմիդ, փոխ նախագահ` գերապայծառ Փօլ Անտրէ Տիւրոքէր եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար` գերապայածռ Բադրիք Բաուէրս։
Ապա ժամը 12-ին Նորին Սրբութիւնը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Սանդա Չէչիլիա ընկերակցութեան 6 հազար անդամներուն։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնեց հանդիպման առթիւ վերյիշելով Վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ տարեդարձը եւ Սանդա Չէչիլիա երգչախումբի, այս ուղղութեամբ յանձն առած գործունէութիւնը։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը կեդրոնացուց Հաւատոյ Տարուայ եւ նոր աւետարանութեան մասին ընգծելով այս ուղղութեամբ հոգեւոր երաժշտութեան սատարը ու ակնարկելով Սուրբ Օգոստոնոսի դարձին մասին որ պատահած է Սուրբ Ամպրոզիոսի սաղմոսներու եւ տաղերու ունկնդրութեան շնորհիւ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ ծէսի մաս կազմող հոգեւոր մեղեդիներու մասին որ <<ծիսակատարութեան զարդարանք մը չեն այլ նոյնինքն ծէսն են>> ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն որ իրենց գործունէութեամբ կ՛օգնեն հասարակութիւնը փառաբանելու զԱստուած ու սրտերու մէջ տեղաւորելու Անոր Խօսքը։ <<Երգեցողութեամբ դուք կ՛աղօթէք եւ ուրիշները կը մղէք աղօթքի եւ կը մասնակցիք ծիսակատարութեան որ համայն արարչութիւնը կ՛ընդգրկէ փառաւորելով Արարաիչը ։ Պենետիկտոս ԺԶ-ը ապա խորհրդածութիւն մը կատարեց նոր աւետարանութեան եւ հոգեւոր երաժշտութեան մասին ու այս վերջինի կարեւորութեան ժողովրդական եւ եկեղեցական աւանդութեան մէջ ու ապա խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ Իտալիոյ մէջ ծիսական երաժշտութիւնը միշտ ձգտի դէպի վեր, գովաբանելու Տէրը եւ ցոյց տալու Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.