2012-11-10 12:10:17

Պատրիարքական Նշանակում


Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պարրիարքը յատուկ գիրով մը նշանակեց Գերապատիւ Տէր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեանը փոխ ժողովրդապետ Սուրբ Խաչ Ժողովրդապետութեան։
Ահաւասիկ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նամակը.
Առ Գերապատիւ Տէր Աւետիք Վրդ. Յովհաննէսեան
Այս գիրով քեզ կ'անուանեմ Փոխ-Ժողովրդապետ հայ կաթողիկէ ՜՜Սուրբ Խաչ՝՝ Ժողովրդապետութեան, ունենալով որպէս ժողովրդապետ Գեր. Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։
Վստահ եմ թէ՝ եռանդով, հաւատքով եւ սիրով պիտի համագործակցիս տեղւոյն ժողովրդապետին հետ եւ պիտի կատարես քեզի յանձնուած այս պաշտօնը, ըլլալով ճշմարիտ հովիւ նման Բարի Հովիւին։
Հայրական Օրհնութեամբ՝
+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն ԿիլիկիոյԿաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.