2012-11-10 12:21:13

Նոր Երանուհի Մը։ Մայր Մարիա Լուիզա Փրոսբերի(Ծնեալ Ժերթրուտ Փրոսբերի)։


Այսօր 10 Նոյեմբեր Իտալիոյ պատմական Սբոլէթօ աւանի Մայր Եկեղեցիին մէջ Երանուհի հռչակուեցաւ Իտալացի Բենետիկտեան կրօնաւորուհի Մարիա Լուիզա Փրոսբերի՝Երանացման հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին գլխաւորութեամբը Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօ-ի Սուրբերու դատի Ժողովի Կառավարիչը։ Նշենք որ վերջին անգամ այս պատմական եկեղեցւոյ մէջ նոյանման արարողութիւն մը տեղի կ՝ունենար 780 տարի առաջ,երբ 30 Մայիս 1232ին Կրէկորիօ Թ.Պապը Սուրբ կը հռչակէր Սուրբ Անտոն Փատովացին։
Նոր Երանուհի Մարիա Լուիզա Փրոսբերի կը ծնի ֆոլիանօ 1847ին ( Նորչիա Թեմը/ոչ շատ հեռու Հռոմէն) ։ Իր մէջ զգալով վանական կեանքի կանչը 4 Մայիս 1820ին կը մտնէ Թրէվի-ի Բենետիկտեաններու Սրբուհի Լուչիա-ի անուան Մենաստանը ,դառնալով շուտով տիպար՝ ողջախութեան,հնազանդութեան ու աղաքատութեան այսինքն կուսակրօնական կեանքի ու Կանոնագրքի առաքինութիւններու ։ Տէրը զինք ապա ճոխացուցած է յատուկ միսթիք պարգեւներով, միաժամանակ չխնայելով սակայն երկար ու ցաւագին փորձառութիւններ ։ 1837ին դարձած է իր Վանքի Մեծաւորուհին զարգացելով վանական լրիւ օրինապահութիւնը։
Վախճանած է Սրբութեան համբաւով 12 Սեպտեմբեր 1847ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.