2012-11-10 11:59:26

2012 Տարին՝ Հայ Տպագրութեան 500-ամեակը


Ինչո՞ւ Յակոբ Մեղապարտ ՜՜Վենետիկը՝՝ ընտրեց հայերէն Ա տպագիր գիրքը՝ ՜՜ՈՒՐԲԱԹԱԳԻՐՔԸ՝՝ տպելու......
-Վենետիկը ԺԶ. դարուն, Եւրոպայի տպագրութեան արուեստի մայրաքաղաքն էր, եւ միաժամանակ այնտեղ կար հայկական մեծ համայնք մը։
Իր աշխարհագրական, մշակութային եւ տնտեսական դիրքով, Վենետիկը կեդրոն դարձած էր հայ առեւտրականներու համար։
Յակոբ Մեղապարտի գործունէութեամբ հայերէնը տասներորդ տպագրուած լեզուն դարձաւ աշխարհի վրայ։
Ասիկա կը փաստէ, որ հայերը կը հետեւէին աշխարհի զանազան գիւտերուն, իմանալով ինչ օգուտ քաղել ազգի կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացման համար։
ԺԶ. եւ ԺԹ. դարերու հայ տպագրութեան գործիչները եկեղեցականներ եղած են եւ եկեղեցական կիրառութեան համար գիրքեր տպած են։
Հայ տպագրիչը ջանացեր է որ իր հրատարակութիւնները նմանին գրչագիր մատեաններու։ ԺԶ. դարու հայ առաջին տպագրիչը աշխատած է, որպէսզի իր հրատարակած գիրքերը ձեռագրի նմանին։
Յակոբ Մեղապարտը հին գրչագրերի օրինակով իր գիրքերուն մէջ, գործածած է նաեւ՝ ծաղկագրեր ու զարդեր։ Տպագրութիւնը կատարած է երկգոյն. հիմնականը՝ սեւ, տեղ տեղ ալ՝ կարմիր։ Ընդհանրապէս կը նկատուի որ ան լրջօրէն հոգ տարած է, որ իր ձեռագրանման գիրքերը ըլլան զարդարուն եւ հրապուրիչ։









All the contents on this site are copyrighted ©.