Շարլ Ազնաւուր Եւ Ջիւան Գասպարեան Միացեալ Ձայնասկաւառակ Պիտի Հրապարակեն:
Ֆրանսահայ նշանաւոր արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուր եւ աշխարհահռչակ տուտուկահար Ջիւան Գասպարեան
միացեալ ձայնասկաւառակ պիտի հրապարակեն, յայտնած է Ջիւան Գասպարեան՝ Իժեւսքի հայ համայնքին
մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին։ Երաժիշտին հարց տուած են, որ
արդեօք ծանօ՞թ է Ազնաւուրին՝ ան պատասխանած է. «Շարլն իմ մօտ ընկերն է: Նա շատ լաւ մարդ
է, մենք պատրաստւում ենք համատեղ ալբոմ ձայնագրել»։ Uzhevsk.ru-ի համաձայն, Գասպարեան
Իժեւսք մեկնած էր «Փրոմօ կրուփ»ի հրաւէրով՝ համերգ տալու նպատակով։ Նշանաւոր տուտուկահարը
առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Ուտմուրթիոյ մայրաքաղաք, իր թոռան, երաժիշտ Ջիւան Գասպարեան
կրտսերի եւ «Հայաստանի վիրտուոզներ» համոյթին հետ: