2012-11-09 13:31:45

Համայն Ռուսիոյ Քիրիլ Պատրիարքի Այցելութիւնը Երուսաղէմ։


Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը 9 - 14 Նոյեմբեր, պատմական այցելութիւն կը կատարէ Երուսաղէմ։ Իր կեցութեան ընթացքին, Քիրիլ Պտարիարքը պիտի այցելէ սուրբ երկրի քրիստոնեայ սրբավայրերը եւ պիտի համապատարագէ Թէոֆիլ Գ Երուսաղէմի Յոյն Օրթոտոքս Պատրարքին հետ։ Ան ապա պիտի այցելէ Եատ Վաշէմի յուշակոթողը։ Մոսկուայի Պատրիարքը ապա հանդիպումներ պիտի ունենայ տեղւոյն քրիստոնեայ եկեղեցապետերու հետ ու Իսրայէլի աւագ Ռաբունապետին հետ։ Քիրիլ Պատրիարքը պիտի տեսակցի նաեւ Իսրայէլի նախագահ՝ Շիմոն Բերեզի եւ Պաղեստինեան Իշխանութեան նախագահ՝ Ապու Մազէնի հետ, իսկ նոյեմբեր 13-ին Յորդանան պիտի այցելէ ուր պիտի հանդիպում պիտի ունենայ Յորդանանի Ապտալլահ Ա Թագաւորին հետ։









All the contents on this site are copyrighted ©.