2012-11-09 13:30:42

Լատերանեան Պազիլիքայի Օծման Տարեդարձը


Այսօր Ուրբաթ 9 Նոյեմբեր, Լատերանեան Պազիլիքայի Օծման Տարեդարձը Կը Նշուի:
Շնորհիւ Կոսդանտիանոս կայսեր, Հռոմի աւանդական ճարտարապետական ոճը, Դ. դարուն սկիզբը, փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, եւ սկիզբ առին անոր նախասիրած շինարարական աշխատանքները։
Կոսդանտիանոս կայսրը կառուցել տուաւ Լատերանեան Ս. Յովհաննու Պազիլիքան, Մկրտարանով մը, եւ բազմայարկ շէնքով որը դարձաւ Հռոմի եպիսկոպոսներուն բնակավայրը։
Լատերանեան Ս. Յովհաննու մայր եկեղեցին, Հռոմ քաղաքի եւ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն Մայրն է։ Անիկա հաւատքի խորհրդանիշն է առաջին դարերու քրիստոնեաներուն, որոնք պահանջքն ունէին համախմբուելու նուիրագործուած վայր մը, աղօթելու ու Ս. խորհուրդները մատակարարելու համար ։
Այսօրուայ տօնակատարութիւնը, ծիսակատարութեան համաձայն, տօնն է՝ աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.