2012-11-09 13:10:21

«Սուրիոյ Մէջ Պիտի Ապրիմ Եւ Մահանամ» Կ՛ըսէ Պաշշար Ասատ ։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Օտարներու Սուրիա ներխուժման գինը, եթէ այդ մէկը պատահի, ամբողջ աշխարհի կարողութենէն վեր պիտի ըլլայ, որովհետեւ եթէ Սուրիոյ մէջ խնդիրներ կան, մանաւանդ որ մենք շրջանին մէջ աշխարհիկ կարգերու, կայունութեան եւ համակեցութեան վերջին օրրանն ենք, այդ մէկը պիտի ունենայ տոմինոյի ազդեցութիւն մը, որ իր հետեւանքը պիտի ունենայ ամբողջ աշխարհի վրայ` Ատլանտեան ովկիանոսէն մինչեւ Հնդկաց ովկիանոս, եւ ատիկա մնացեալ աշխարհին համար հետեւանքներ պիտի ունենայ»:
Ան բացառեց, որ Արեւմուտքը այդ ուղղութեամբ ընթանայ, «սակայն եթէ այդ մէկը կատարեն, ոչ ոք կրնայ ատկէ ետք պատահելիքը գուշակել»:
Պաշշար Ասատ ակնարկելով Բրիտանիոյ վարչապետին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած` իրեն ապահով ելք մը ապահովելու գաղափարին, ըսաւ, որ «ես խամաճիկ չեմ եւ զիս արեւմուտքը չգոյացուց, որ Արեւմուտք կամ որեւէ այլ երկիր երթամ: Ես սուրիացի եմ, ես Սուրիոյ արտադրութիւն եմ եւ պիտի ապրիմ ու մահանամ Սուրիոյ մէջ»:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի` հակադարձելով Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապիի այն խօսքին, թէ սուրիական վարչակարգի օրերը վերջ գտած են, ըսաւ, որ իրեն զարմանք չի պատճառեր, թէ Արապի կը կրկնէ Սուրիոյ նկատմամբ թշնամական իր յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կը յաւակնի փոխել վարչակարգը երկրի մը, որ հիմնադիր երկիրներէն է Արաբական լիկային, իսկ ինք անոր անդամ պետութեանց մօտ պաշտօնեայ է:
Ան ըսաւ, որ Նեպիլ Արապի իր յայտարարութիւնը կատարած է Տոհա մեկնելէ առաջ եւ ան Սուրիան թիրախ դարձնող դաւերուն գործընկեր, հովանաւոր եւ գործիք է:
Նշենք, որ սուրիական ընդդիմութեան խմբակներու մեծամասնութիւնը երէկ Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ սկսան իրենց շարքերը միաւորելու նպատակով ընդլայնուած ժողով մը, որուն ընթացքին կը քննարկեն իրենց քաղաքական միացեալ ղեկավարութիւն մը յառաջացնելու Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող նախաձեռնութիւն մը:
Ժողովի բացման նիստին ներկայ են Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի եւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ապտելլաթիֆ Զայանի:








All the contents on this site are copyrighted ©.