2012-11-08 11:15:46

Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը՝ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային։ Նոյնպէս Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Օպաման։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային` նախագահի պաշտօնին վերընտրուելուն առիթով:
Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.
«Մեծարգոյ պարոն նախագահ,
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով:
Ձեր տպաւորիչ յաղթանակը ապացուցեց, որ այն ուղին, որ դուք որդեգրած էք Միացեալ Նահանգները առաջ տանելու համար, ինչպէս նաեւ ձեր վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութիւնը, համահունչ են ամերիկացի ժողովուրդի մեծամասնութեան սպասելիքներուն:
Մենք շնորհակալ ենք այն աջակցութեան համար, որ Միացեալ Նահանգները շարունակաբար կը ցուցաբերեն Հայաստանին: Զիս մեծապէս կը գոհացնէ այն փաստը, որ ձեր վերընտրուիլը թոյլ պիտի տայ շարունակելու աշխուժօրէն զարգացնել եւ խորացնել հայ-ամերիկեան յարաբերութիւնները, որոնք մեր երկկողմ պատմութեան ամբողջ ընթացքին այս պահուն կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ: Համոզուած եմ, որ մեր բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը նոր յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ յառաջիկայ չորս տարիներուն ընթացքին` ի շահ մեր ժողովուրդներուն:
Մէկ անգամ եւս ընդունեցէք խնդրեմ, պարոն նախագահ, իմ ջերմ շնորհաւորանքներս եւ լաւագոյն մաղթանքներս»:
Նոյնպէս Ամերիկայի Հայ Դատի Մարմինը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շնորհաւորած է Պարաք Օպաման Միացեալ Նահանգներու նախագահ վերընտրուելուն առիթով:
Մարմինի ատենապետ Քեն Խաչիկեան հաղորդագրութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշէ, որ «մենք կը շնորհաւորենք նախագահ Օպաման, նաեւ նախկին նահանգապետ Ռոմնին` լաւ քարոզարշաւի համար: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ ամերիկահայ ընտրողներուն, որոնք ընտրութեան գացին` ընտրելու տեղական այն թեկնածուները, որոնք մեզի կ՛աջակցին` համայնքը յուզող հարցերուն մէջ»:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Քոնկրեսի թեկնածուներէն, որոնց կ՛աջակցի հայ համայնքը, մեծ առաւելութեամբ յաղթած են Պոպ Մենենտեսը, Էտըմ Շիֆը, Էտ Ռոյսը, Ֆրենք Փալոնը եւ ուրիշներ:
Հայ Դատի գրասենեակը Միացեալ Նահանգներու 30 նահանգներու մէջ կ՛աջակցէր աւելի քան 140 թեկնածուներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.