2012-11-08 12:41:39

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայպետի Գործունէութիւնը։
Քահանայապետկան Գիտութեան Կաճառի Անդամներուն Ունկնդրութիւն։


Այսօր հինգշաբթի 8 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց.
Գերապայծառ Ճուզեփփէ Լածարէթթոն Իսրայելի եւ Կիպրոսի մօտ առաքելական նուիրակ, ապա Գերապայծառ Անթոնիօ ֆրանքօն եւ գերապայծառ Միքայել Լուիս ֆիդզէկալտը։
Ժամը 11.45ին Գլեմենթինա Սրահին մէջ Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Քահանայապետկան Գիտութեան Կաճառի ընդհանուր ժողովի մասնակցող 60 անդամներուն։ Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց զանոնք ընգծելով լիագումար նիստի ընթացքին քննարկուած <<Բարդութիւն եւ նմանութիւն։ Տեսական Գիտութիւն, մեթոտական եւ իմացաբանական տեսակէտեր>> նիւթին կարեւորութիւնը որ նոր հեռանկարներ կը յառաջացնէ որոնք կը դիմեն գիտութեան միացած նոր տեսլականներու։ Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ միայն մարդը կարող է անընդհատ կերպով ընդլայնել իր ճշմարտութեան գիտելիքները եւ օգտագործել իր իմաստութիւնը իրեն ու իր միջավայրին բարիքին ի նպաստ։ Ան ապա ակնարկեց այժմէական հետազօտական գործիքներուն ու անոնց ճշգրիտ եւ բարձրօրակ կարողականութեան որոնք կը նպաստեն գիտութեան յառաջացումին։
Իր խօսքին աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց Հաւատոյ Տարին եւ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի 50րդ ամեակը շնորհակալութիւն յայտնելով բանականութեան ու հաւատքի միջեւ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդումին գծով ակատեմական աշխարհի տուած նպաստին։ Ան ապա հաւաստիացուց իր հետաքրքրութիւնը հետեւելու անոնց գործունէութեան ու վստահեցուց իր աղօթքները հուսկ հայցեց Ամենազօր Աստուծոյ օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.