2012-11-08 10:29:12

Կարտինալ Րոպէր Սարայի Այցը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան։


Պէյրութ- Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը չորեքշաբթի, 7 նոյեմբերի առաւօտեան, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց «Cor Unum -Մէկ Սիրտ» քահանայապետական խորհուրդի նախագահ՝ կարդինալ Րոպէր Սարան, ընկերակցութեամբ նոյն քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար մոնսինիոր Ճովաննի Բիէդրօ Տալթոզոյի, որոնք յատուկ առաքելութեամբ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին կողմէ ուղարկուած են Լիբանան, օժանդակելու համար Սուրիոյ տառապալից վիճակին զոհերուն եւ սրբազան հօր մօտիկութիւնն ու նիւթական նպաստը ցուցաբերելու անոնց։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանային նաեւ Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակը՝ Կապրիէլէ արքեպիսկոպոս Քաչչա եւ առաքելական դեսպանատան քարտուղարը՝ մոնսինիոր Փաօլօ Պորճիա։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան։
Նախօրօք, սրբազան քահանայապետը մտադրած էր բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ուղարկել Սուրիա, Վատիկանի սիւնհոդոսական աշխատանքներու ընթացքին, սակայն զանազան խոչընդոտներու պատճառաւ այս ծրագիրը չյաջողեցաւ եւ սրբազան հայրը առաքեց վերոյիշեալ կարդինալ Սարան եւ մոնսինիոր Տալթոզոն, որոնք այցելութիւն պիտի տան նաեւ մարոնիներու պատրիարք կարդինալ Պշարա Րաիին, Լիբանանի մարոնի եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց ամսական նիստին առիթով։ Պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյմանին հետ։ Ծիրանաւորը եւ իրեն ընկերակցող եպիսկոպոսը պիտի այցելեն զանազան վայրեր, ուր վերջին ժամանակաշրջանին համախմբուած են Սուրիայէն Լիբանան ապաստանած գաղթականներ։ Ուրբաթ օրը, պատուիրակութիւնը հանդիպում պիտի ունենայ Լիբանանի մէջ գործող զանազան բարեսիրական հաստատութիւններու հետ, համադրելու համար մարդասիրական աշխատանքները եւ օգնութեան ծրագիրները, եւ անոնց միջոցաւ փոխանցելու սրբազան քահանայապետին հայրական պատգամն ու մօտիկութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին, եւ յատկապէս Լիբանանի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Թուրքիոյ մէջ ապաստանած՝ մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներուն։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս հանդիպումին աւարտին մաղթեց, որ Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին միջամտութիւնը իր արդիւնքը բերէ, միացած մեր աղօթքներուն առ Աստուած Սուրիոյ տառապեալ ժողովուրդին համար, որպէսզի մնայուն հաշտութիւն կատարուի հակադրող տարբեր ուժերուն միջեւ եւ խաղաղութիւնը հաստատուի Սուրիոյ մէջ։










All the contents on this site are copyrighted ©.