2012-11-08 12:41:50

Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին Շնորհաւորագիրը Ղպտի Եկեղեցւոյ Նորընտիր Պապին։


Պէյրութ- Երկուշաբթի, 5 նոյեմբերին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ղպտի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտիր պապ՝ Թէոտորոս Բ.ին, իր ընտրութեան առթիւ։ Նամակին մէջ, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը յայտնէ իր եղբայրական ուրախութիւնը եւ յաջողութիւն կը մաղթէ անոր իր առաքելութեան մէջ, ի սպաս Եգիպտոսի Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի ընդհանուր բարիքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.