2012-11-07 13:35:36

Պուլկարիոյ Հոգեւոր Առաջնորդներու Այցը Հայաստանի Վանքեր Եւ Եկեղեցիներ


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Պուլկարիոյ հայոց թեմի նախաձեռնութեամբ՝ 5 Նոյեմբերին Պուլկարիոյ հոգեւոր առաջնորդներու պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին: Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունած է պատուիրակութիւնը: Ան ողջունած է, օտար հոգեւորականները Հայաստան հրաւիրելու պուլկարահայ եկեղեցականներուն նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ այդպիսով աւելի կը զօրանայ կապերը կրօնական յարանուանութիւններուն միջեւ: Պատուիրակութիւնը 5-9 Նոյեմբեր, պիտի այցելէ Հայաստանի կարգ մը վանքեր ու եկեղեցիներ, հոգեւոր կրթական հաստատութիւններ եւ մշակութային օճախներ: Պատուիրակութեան անդամները նաեւ պիտի այցելեն Ծիծեռնակաբերդ, ուր ծաղկեպսակ պիտի զետեղեն Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած Յուշարձանին առջեւ:
Զրոյցին ընթացքին Վեհափառը անդրադարձած է հայ եւ պուլկար ժողովուրդներու պատմական ջերմ կապերուն, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններուն:
Ան նաեւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնած է հանդիպումին մասնակից կրօնական յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութեան, սիրոյ եւ համագործակցութեան մթնոլորտի մէջ պահէ Պուլկարիոյ մէջ ապրող համայնքները։









All the contents on this site are copyrighted ©.