2012-11-07 13:09:17

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 7 նոյեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 10.30-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Անոնց արտսանած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շարունակեց հաւատքի մասին իր խորհրդածութիւնները ըսելով։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուսուցումը մեզի կ՛ըսէ թէ <<Աստուծոյ իղձը փորագրուած է մարդու սրտին մէջ որովհետեւ մարդը ստեղծուած է Աստուծմէ ու Աստուծոյ համար>>։ Այս իղձը կը յայտնուի զանազան ձեւերով։ Իրենց փոխադարձ սիրով մարդն ու կինը կը փորձարկեն կեանքի մեծութիւնն ու գեղեցկութիւնը։Տեւական գաղթ մըն է դէպի անձնուիրում եւ դէպի Աստուծոյ եւ ինքզինքի վերագտնում։
Մարդու սիրտի ամէն մէկ իղձ կ՛արձագանգէ հիմնական մէկ իղձի որ խորհուրդ մը կը պահպանէ։ Մարդը խորապէս հոգեւոր էակ մըն է եւ կեանքի հոգեւոր իմաստը ցոյց կու տայ որ հաւատքը անհեթեթ ու անտրամաբանական չէ, եթէ սորվինք համտեսել իսկական երջանկութիւնը եւ ձգտինք աւելի մեծ բարիքին։
Սիրելի բարեկամներ, իղձի ուժականութիւնը միշտ բաց է փրկութեան։ Կայծը որ թոյլ կու տայ ճանչնալ իսկական բարիքը երբէք չի մարիր մարդու սրտին մէջ նոյնիսկ մեղքի անդունդին մէջ։
Մարդու ցանկութեան բացուիլը Աստուծոյ` հաւատքի ներկայութեան նշան է ։ Ամէնքս ալ կարիքը ունինք մաքրագործելու մեր իղձերը։ Մեր այս ուղեւորութեան ընթացքին մենք մեզ զգանք բոլոր մարդոց եղբայրներ, ճանապարհորդակիցներ նաեւ անոնց` որ չեն հաւատար. անոնց որ փնտռտուքի մէջ են ու անոնց որոնք անկեղծութեամբ կը հարցադրեն ճշմարտութեան մասին։ Այս Հաւատոյ Տարուայ ընթացքին - ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - աղօթենք որպէսզի Աստուած իր դէմքը ցոյց տայ անոնց որոնք զինք կը փնտռեն անկեղծ սրտով։

Խորհրդածութեան աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ գտնուղ հաւատացեալները ու յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն վերյիշեցնելով յառաջիկայ ուրբաթ 9 նոյեմբերի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Անուան Պազիլիքայի օծման տօնը։
Այս առիթը սիրելի երիտասարդներ- ըսաւ Սրբազան Հայրը - ձեզ կը հրաւիրէ ըլլալու ողջ ու արժէքաւոր քարեր, յանձառու Տիրոջ Տան կառուցման. Ձեզ սիրելի հիւանդներ, կը քաջալերէ ձեր առօրեայ զոհողութիւնները նուիրելու Աստուծոյ ի սպաս քրիստոնեայ հասարակութեան եւ ձեզ սիրելի նորապսակեալներ կը մղէ ձեր ընտանիքները վերածելու ծխային փոքր եկեղեցիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.