Հաւատոյ Տարուայ Առթիւ 5 Հազար Լեհերու Ուխտագնացութիւնը Հռոմ
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի հռչակած Հաւատոյ Տարուայ առթիւ, չորեքշաբթի 7 նոյեմբերի
առաւօտեան ժամը 8-ին, Սուրբ Պետրոսի անուան պազիլիքայի մէջ` Վատիկանի Պետական քարտուղար`
Կարդինալ Թարչիզիօ Պէրթոնէն գլխաւորեց համապատարագի սուրբ արարողութիւնը, 14 լեհ եպիսկոպոսներու
մասնակցութեամբ եւ Խրուաթիայէն ժամանած աւելի քան 5 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ
որոնք Լեհաստանի Ռատիօ Մարիա- ռատիոկայանի հաւատարիմ ունկնդիրներ են։ Ուխտաւորները
ապա մասնակցեցան Սուրբ Պեատրոսի մէջ տեղի ունեցած` Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի
օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան։