2012-11-07 12:29:46

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Մէջ Դանիոյ Դեսպանատան Մեսրոպեան Վարժարանի Մէջ Երիտասարդութեան Յատուկ Դանիոյ Ֆիլմարուեստի Ցուցադրութիւն.


Կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան՝ 29 հոկտեմբերէն -16 նոյեմբեր տեղի կ՛ունենայ երիտասարդութեան յատուկ «Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւն»-ը, որ կ՛իրականացուի Լիբանանի եօթը շրջաններու մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ, Դանիոյ դեսպանատան ընտրած եօթը շրջաններէն մէկն է Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, ուր Դանիոյ ֆիլմարուեստի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ արդէն ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթենսընի եւ դեսպանատան քաղաքական ու մշակութային կցորդ Մարիա Լինտհարթի:
Ցուցադրութենէն առաջ, դեսպանը հանդիպում մը ունեցաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին հետ: Հանդիպումին քննութեան առարկայ դարձան Լիբանանն ու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր: Գալուստ ներկայացուց հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու պահանջատիրութիւնը, ինչպէս նաեւ Մեսրոպեան վարժարանի պատմութիւնն ու նոր ծրագիրները:
Ապա դեսպանն ու տնօրէնը աշակերտներուն հետ դիտեցին «Պատերազմ եւ սիսեռներ» ժապաւէնը, որմէ ետք տեղի ունեցաւ զրոյց-քննարկում: Աշակերտները հարցումներուն ընդմէջէն մօտէն ծանօթացան ժապաւէնին եւ տեղեկութիւններ ստացան Դանիոյ մասին:
Ցուցադրութենէն ետք, դեսպան Ժան Թոփ Քրիսթենսըն «Երեւակայական պատմութիւններ եւ առասպելներ» գիրքը նուիրեց վարժարանին եւ շրջագայեցաւ վարժարանին մէջ` մօտէն ծանօթանալով մանկամսուրին, մանկապարտէզին եւ արհեստից վարժարանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.