2012-11-07 10:36:15

Էջ մը Հայ Գրականութենէն.
Ուխտանէս Պատմիչ


Ուխտանէս ծնունդով Սեբաստացի է եւ կարգուած է եպիսկոպոս Եդեսիոյ, կամ Ուռհայի, որ ներկայի Ուրֆա քաղաքն է։ Շատ մօտիկ եղած է Նարեկայ վանքի Անանիա վանահօր, եւ այս վերջինին խնդրանքին վրայ է որ գրած է իր պատմութիւնը։ Ինքզինք կ՛անոուանէ նաեւ աշակերտ սոյն վանահօր, ուստի կարելի է ենթադրել թէ իր ուսումը կատարած ըլլայ Նարեկայ վանքին մէջ։
Ուխտանէս ապրած է 10-րդ դարու երկրորդ կէսին եւ 11-րդի սկիզբը. Ապրած է Սմբատ Բ. Թագաւորի ժամանակ եւ Խաչիկ կաթողիկոսի օրով։ հաւանաբար ճամբորդած է Վրացիներու եւ Աղուաններու երկրին կողմերը եւ օգտաշատ տեղեկութիւններ քաղած է անոնց մասին։
Տրուած ըլլալով որ Սեբաստիա ծնած է, Ստեփանոս Օրպելեան զինք կը համարի Սեբաստիոյ եպիսկոպոս. Որոշ ստուգութիւն մը չունինք թէ Սեբաստիոյ եպիսկոպոս էր թէ Եդեսիոյ։ Սակայն վստահ ենք թէ եպիսկոպոս էր, որով ինք եւս կը վկայէ այդ մասին եւ թէ բազմաթիւ վարդապետներ ու քահանաներ ունէր իր ձեռքին տակ։
Ուխտանէսի Գործը
Ուխտանէսի միակ գործը իր Պատմութիւնն է, զոր ամփոփած է երեք հատորի մէջ. Սակայն այս երեքէն միայն երկուքը մեր ձեռքը հասած են. Իսկ երրորդը բոլորովին կորսուած է։
Առաջին գրքին տիտղոսն է. Յաղագս թագաւորաց եւ հայրապետաց մերոց։ Հոն կը սկսի, ինչպէս սովորութիւնն է մեր գրեթէ բոլոր պատմիչներուն, իր պատմութիւնը արարչագործութենէն, կը կատարէ Աստուածաշունչ գրքի ծննդաբանութիւնը եւ կը հասնի մինչեւ Նոյ եւ Յաբեթ։ Այս վերջինէն ծնունդ առած է Թորգոմ, որու որդին է Հայկ, նախահայրը Հայոց ազգին։
Մովսէս Խորենացիէն կ՛առնէ ընդհանրապէս իր պատմութիւնը. Ապա համառօտիւ կու տայ Հրէաներու, Պարսիկներու եւ Յոյներու պատմութիւնը։ Հայոց պատմութեան մէջ կարգ մը անուններու մէջ կը սխալի, զոր օրինակ Տիգրան անունով հայ թագաւոր մը դնելով ընդդէմ Մեծն Աղեքսանդրի։ 26-րդ գլուխը նուիրուած է Արշականունիներուն, որոնք իրենց պարթեւ ազգի թագաւորները կ՛ունենան թէ Պարսկաստանի եւ թէ Հայաստանի մէջ։
Գրքին երկրորդ մասը կը կոչուի ՝՝Պատմութիւն բաժանման Վրաց ի Հայոց՝՝, ուր Ուխտանէս կը պատմէ մանրամասնօրէն թէ ինչպէս Վրացիներու Կիւրիոն կաթողիկոսը նախընտրեց կրօնքով միանալ քաղկեդոնական Յոյներու հետ, արհամարհելով Հայ Եկեղեցւոյ առաջարկը հաւատոյ միութեան։ Հոս Ուխտանէս աւելի դաւանական հարցերու մէջ կը մտնէ քան քաղաքական, թէեւ պատմութեան համար շատ կարեւոր գրութիւն մըն է տրուած ըլլալով որ կը մէջբերէ թղթակցութիւնը ընդմէջ Մովսէս Եղիվարդեցի հայոց կաթողիկոսին եւ Կիւրիոնի, Վրաց կաթողիկոսին։
Երրորդ գիրքը կը խօսի, ըստ իր մասին վկայող յետագայ պատմիչներու Ծագ կոչուած ազգի մը մասին եւ նոյն ազգի քրիստոնեայ դարձին ու մկրտութեան մասին։ Սակայն այս բաժինը պատմութեան մեր ձեռքը հասած չըլլալով` չենք գիտեր նոյնիսկ թէ ով է այդ Ծագ կոչուած ժողովուրդը։
Ուխտանէսի լեզուն հաճելի է, ոճը սահուն եւ պատմութիւնը արժէքաւոր։ Իր հիացումը մեծ է Նարեկայ վանքին ու անոր աբբահօր մասին։ Վանքը կ՛որակէ բազմագեղ դրախտ, իսկ Աբբահայրը` բազմապտուղ եւ բարձր ծառ։








All the contents on this site are copyrighted ©.