2012-11-06 12:03:40

Սուրիոյ Պատերազմը։ Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ։


Երէկ Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-Օրաթերթի թղթակիցը յայտնած որ Դամասկոսի մէջ յաճախակի դարձած են պայթումները: Մազզէ Ժապալ թաղամասին մէջ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է, կան 11 զոհեր, տասնեակ մը վիրաւորներ ու նիւթական ծանր վնասներ(ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան):
Միւս կողմէ, մեծամասնութեամբ պաղեստինցիներով բնակուած Եարմուք գաղթակայանը կրկին կ՛ենթարկուի հրասանդի հրթիռներու հարուածներու, որոնք նոյնպէս կը պատճառեն զոհեր եւ վիրաւորներ: Կը շարունակուին նաեւ զինուորական օդանաւերու հարուածները` ուղղուած մայրաքաղաքի արեւելեան ծայրամասերուն:
Ըսենք որ երէկ նաեւ Համայի մէջ տեղի ունեցած է զօրաւոր պայթում մը, որուն զոհ գացած սուրիական բանակէն 50 զինուորներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.