2012-11-06 11:41:12

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Շնորհաւորական Պատգամը Ղպտիներու Նոր Պատրիարքի Ընտրութեան Առթիւ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորական պատգամ մը յղած է Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորընտրեալ Պատրիարք` Թաուատրոս Բ քահանայպետին։ Նորին Սրբութիւնը վստահութիւն յայտնած է թէ նոր Պատրիարքը իր նախորդին, Շնուտա Գ-ի նման, պիտի գիտնայ իր համայնքին համար ըլլալ <<իսակական հոգեեւոր հայր մը>> եւ իր հայրենակիցներուն նկատմամբ յանձնառու գործընկեր մը <<խաղաղութեան ու համերաշխութեան վրայ հիմնուած նոր Եգիպտոսի կառուցման ի խնդիր ու ի սպաս հասարակաց ու համայն միջին արեւելքի բարիքին>>։
Այս դժուար ժամանակներուն - կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը - կարեւոր է որ քրիստոնեաները վկայեն զիրենք միացնող սէրն ու բարեկամութիւնը վերյիշելով Յիսուսի արտասանած աղօթքը` վերջին ընթրիքի պահուն, <<Հայր ըրէ որ անոնք մէկ ըլլան որպէսզի աշխարհը հաւատայ>>։
Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ ապա գոհունակութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, կաթողիկէ եւ ղպտի ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ առնուած կարեւոր քայլերուն համար, Շնուտա Գ պատրիարքի օրով, ու աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած որպէսզի երկու եկեղեցիներու միջեւ բարեկամութիւնը ու երկխօսութիւնը շարունակուի աւելի սերտ զօրակցութեան եւ մնայուն հաշտութեան պտուղներով։
Նշենք որ 4 նոյեմբերի առաւօտեան Գահիրէի Սուրբ Մարկոսի Պատրիարքութեան մէջ կատարուած արարողութեամբ, հազարաւոր հաւատացեալներու մասնկացութեամբ, 12 մանուկներէ կազմուած խմբակէ մը ընտրուած Պիշուա Ժըրժըս , ակնակապ վիճակի մէջ, անօթի մը մէջ զետեղուած' անուններէն, ընտրեց անպա Թաուատրոս անունը, որ օծուելէ ետք պիտի ըլլայ ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ 118-րդ պապը, յաջորդելիով' վախճանեալ Շնոտա Գ. պապին:








All the contents on this site are copyrighted ©.