Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի
Եւ Իրանի Միջկրօնական Երկխօսութեան Կեդրոնի Միջեւ Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան։
Ժընեւի մէջ, վերջերս, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ Իրանի Միջկրօնական երկխօսութեան
կեդրոնի միջեւ տեղի ունեցաւ ՜՜Միջկրօնական երկխօսութեան 6-րդ հանդիպումը՝՝ որուն Մեծի
Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ մասնակցեցաւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Մասնակիցներուն
շարքին էին Իրանէն, Զուիցերիայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայէն, Լիբանանէն, Անգլիայէն եւ
Փաքիստանէն աստուածաբաններ: Ժողովին բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Եկեղեցիներու
համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Թվէյթի: Խորհրդակցութեան
ընդհանուր նիւթն էր ՜՜Միջկրօնական երկխօսութիւնն ու այսօրուան ընկերութիւնը. Ճանապարհներ,
միջոցներ եւ նպատակներ՝՝: Ժողովին դասախօսեց նաեւ Սեպուհ արք. Սարգիսեան` ՜՜Հոգեւոր առաջնորդներու
եւ մտաւորականութեան դերը` միջկրօնական Երկխօսութեան արդիւնքները ժողովուրդին մատուցելու
աշխատանքին մէջ՝՝ նիւթին շուրջ: Ժողովին ընթացքին քննարկուած նիւթերուն շարքին էին նաեւ
կիներու եւ երիտասարդութեան դերակատարութիւնը` միջկրօնական երկխօսութեան մէջ, եւ հաղորդակցութեան
բոլոր միջոցներուն օգտագործման կարելիութիւնները` ժողովուրդներու միջեւ միջկրօնական երկխօսութեան
սերմերը ցանելու կապակցութեամբ: Յայտնենք, որ սոյն երկխօսութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային
խորհուրդի եւ Իրանի միջեւ սկիզբ առած էր 1995-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի քաջալերանքով, երբ
վեհափառ հայրապետը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն
էր: