2012-11-06 11:59:43

Եւրոպայի Մելքիթներու Առաջին Համագումարը ֆրանսայի Օպազին Աբբայարանին մէջ։


Եւրոպայի Մելքիթներու առաջին համագումարը տեղի ունեցաւ ֆրանսայի Գոռեզ մարզի Օպազին աբբայարանին մէջ նոյեմբեր 1-3։ Հաւաքին բնաբանն էր. Մելքիթ ըլլալ Եւրոպայի մէջ. ամրապնդուիլ հաւատքի ու աւանդութեան մէջ''։
Այս առաջին համագումարին նպատակն է միատեղ խմբել Եւրոպայի մելքիթ` յոյն կաթողիկէ հաւատացեալները զանոնք հրաւիրելով հաստատ մնալու իրենց հաւատքին ու աւանդութիւններուն մէջ։
Մելքիթներու Պատրիարք գերեջանիկ Գրեգուար Գ.ընդգծեց հարկաւորութիւնը նախանձախնդրութեամբ պաշտպանելու եւ պահպանելու մելքիթ ծէսը։
Յայտնենք որ մելքիթները բիւզանդական ծէսի կը հետեւին։ Անոնք կը գտնուին առաւելաբար Միջին Արեւելքին մէջ։ Եւրոպայի մելքիթներու երկրորդ համագումարը Փարիզ պիտի գումարուի 2014-ին ունենալով որպէս բնաբան. ''Գաղթականութիւն եւ մելքիթ ինքնութիւնը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.